2011-01-24 10:14:08

Թաւրիզ - Հայ Դատին Նոււիրուած Ձեռնարկ


վերջերս Թաւրիզի Հ. Ոսկանեան ազգային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատին նուիրուած ձեռնարկ։
Օրուան բանախօս Սուրիկ Աբնուսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած հայկական ազատագրական շարժումին, անոր մղած վճռական եւ հետեւողական ու աննահանջ պայքարին, որ մղուեցաւ ու դեռ կը շարունակուի մղուիլ յանուն հայ ժողովուրդի բարօր կեանքին, անոր արդար իրաւունքներուն եւ անոր հայրենիքի ազատագրման։
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։
Օրուան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Եղիշէ Ծ. վրդ. Մանճիկեան։
Ան անդրադառնալով Հայ դատին՝ շեշտեց, որ Հայ դատը միայն հայրենիքը փրկել չի նշանակեր. Հայ դատը հայ ժողովուրդն է՝ իր հայրենիքով։ Հայ դատը կը նշանակէ, որ պէտք է պաշտպանել հայոց գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, հայոց մշակոյթը. պէտք է պայքարիլ յանուն հայ ժողովուրդի բարօր կեանքին եւ այն բոլորին համար, որ հայ ժողովուրդին կեանք կու տան։ Ան շեշտեց, որ բոլոր նպատակներուն հասնելու համար պէտք է գործենք որպէս մէկ ամբողջութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.