2011-01-23 10:37:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Գլխաւորէ Երեկոյեան Ժամերգութիւնը Սուրբ Պօղոսի Դարձի Յիշատակութեան Առթիւ


Յառաջիկայ 25 յունուարին ( 2011) ժամը 17.30-ին Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պօղոսի դարձի յիշատակութեան եւ Քրիստոնեաներու Միութեան շաբթուայ փակման առթիւ։
Քրիստոնեաներու Միութեան շաբթուայ խորագիրն էր <<Միացած առաքեալներու դաստիարակութեամբ, հաղորդութեամբ, հացը բեկանելով ու աղօթքով>>։
Ժամերգութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, քոյր եկեղեցիներու Հռոմ գտնուող՝ ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ կարտինալական դասի անդամներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, եւ քրիստոնեայ հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.