2011-01-23 10:23:52

Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի տեղեկագրութիւն Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութոեան


Կիրակի, 16 Յունուար 2011-ին՝ սուգի մէջ էր Լիբանանահայութիւնը։ Երջանկայիշատակ վաստակաւոր՝ Յովհաննէս -Պետրոս ԺԸ Գասպարեան կաթողիկոս-Պատրիարքի մահուան գոյժը երկրաշարժի պէս ցնցեց Լիբանանահայութիւնը եւ անոնց սրտերը պատեց տխրութեամբ։
Կէսօրուայ ժամը 12։00-ին, Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մեծաւոր՝ Գերյարգելի Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան եւ միաբան հայրերը Քրիստոս Թագաւոր հանգստեան տուն ուղղուեցան, հոն սրահին մէջ Տան Կարգի կատարումէն ետք, երջանկայիշատակ հայրապետին մարմինը փոխադրեցին ԷշրէՖիէի Ժէթաուի հիւանդանոցը։
Իսկ Ուրբաթ, 21 Յունուար 2011-ին, առաւօտեան ժամը 8։00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դրան սեմին միաբան հայրերը , քահանաները, դպրեվանքի սաները եւ բարեկամները, յարգանքով խոնարհեցան անշնջացած մարմնին առջեւ եւ միաբանները հայրապետին դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Պատրիարքարանի՝ Աւետման եկեղեցին։
Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն մը կատարուեցաւ, մինչ միաբան հայրերը Ահեղ Խորհուրդ ողբաձայն շարականը կ'երգէին։
Որքան յուզիչ երեւոյթ էր տեսնել, հաւատացեալ ժողովուրդին շարան-շարան մտնելն եկեղեցի եւ խոնարհիլը իրենց շատ սիրելի Հոգեւոր Հօր թագաղին առջեւ, յարգանքի տուրքը մատուցանելու բազմավաստակ Հայրապետին։
Արդարեւ, Շաբաթ 22 Յունուարին, քաղաքի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցին առաւօտեան ժամը 10։00-ին լեցուած էր պաշտօնական եւ Պետական անձնաւորութիւններով, համայնքներու ներկայացուցիչներով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնական անձնաւորութիւններով, որոնք յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ հետեւեցան թաղման արարողութեան։
Բարձրաստիճան եկեղեցականներու շարքին էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Մար Նասրալլա ԸսՖէյր Մարոնիներու Պատրիարքը եւ Պապական նուիրակ Մոնսէնիոր Գաբրիէլ Գաչչա։
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը, զգեստաւորուած աւանդատունէն թափօրով բարձրացաւ Սուրբ խորան, ուր կատարեց Հայրապետին թաղման արարողութիւնը։ Հոգեւոր Տիրոջ աջին ու ձախին կանգնած էին Արհի Տիարք՝ Վարդան Եպս Աշքարեան, Յովհանէս Եպս Թէյրուզեան, Պօղոս Արք Գուսան, Նշան Եպս Գարաքէհէեան, Օգոստինոս Եպս Գուսան, Յովսէփ Եպս Առնաութեան, Արծիւեան Միաբանութեան Մեծաւոր՝ Գերյ Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան, Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայր՝ Եղիա Թ.Ծ.Վրդ. Քիլաղպեան եւ Միաբան Հայրերը։
Թաղման արարողութենէն ետք Հոգեւոր Տէրը տուաւ իր դամբանական պատգամը։ Յուղարկաւորներու ինքնաշարժներու հսկայ թափորը մեկնեցաւ քաղաքի Աթոռանիստ եկեղեցիէն, հետեւելով մեռելակարգին եւ կէսօրուայ ժամը 1։30-ին հասան Զմմառ մայրավանքը, միաբան հայրերը հայրապետին թագաղը ուսամբարձ, թափորով առաջնորդեցին վանական եկեղեցին ու զետեղեցին դասին մէջ՝ կաթողիկոսական - Պատրիարքական դամբարանին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ Հայրապետական Գերեզմանի Արարողութիւնը որմէ ետք միաբան հայրերը Հայրապետին դագաղը զետեղեցին կաթողիկոսական դամբարանին մէջ միանալու մեր նախորդ Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետներուն՝ Երջանկայիշատակ Կաթողիկոս - Պատրիարքներու։
Երջանկայիշատակ՝ վաստակաւոր Գասպարեան ԺԸ Կաթողիկոսին մաքուր հոգին մեկնեցաւ ճախրելու երկնային Արքայութեան մէջ, ու անոր հոգնաբեկ մարմինը առ յաւէտ պիտի հանգչի իր շատ սիրելի Զմմառու Արծիւեան հնադարեան մայրավանքին մէջ։
Լուսահոգի՝ Գասպարեան ԺԸ կաթողիկոսի լուսաւոր կերպարը յաւերժ պիտի մնայ իւրաքանչիւր հայու բաբախող սրտին մէջ որպէս եկեղեցաշինութեան, անձնուիրութեան, հայրենասիրութեան անանց խորհրդանիշ, իսկ իր աղօթքները՝ որպէս պահապան հրեշտակներ մշտապէս պիտի հսկեն մեր Արծիւեան միաբանութեան եւ միաբաններու փշոտ ուղիէն, միշտ բարեխօսելով Ցիւագին Տիրամօր որ շառունակէ հայթայթել Հայ ազքին եւ Հայ եկեղեցւոյ նորանոր սուրբ եւ առաքինի երանդուն առաքեալ վարդապետներ։
Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի, Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.