2011-01-23 10:14:08

Միացեալ Նահանգներ - 25 Նոր Անդամներ Կը միանան ՀՕՄ-ի Անահիտ Մասնաճիւղին


Վերջերս Ֆերահեան վարժարանի Տիգրանեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին 25 նոր անդամներ միացան ՀՕՄ-ի Հիւսթընի Անահիտ մասնաճիւղին։ Նորագրեալ անդամուհիներու կնքամայր Արուսեակ Մելքոնեան նկատել տուաւ, որ պէտք է հպարտ ըլլան, որ կը միանան ՀՕՄ-ի շարքերուն, աւելցնելով, որ իրենց մասնակցութիւնը պիտի նպաստէ ՀՕՄ-ի գործունէութիւններուն շարունակականութեան։
Աւարտին միութեան ատենապետ Արմենուհի (Միմի) Թովմասեան Անահիտ Մէյմարեանի եւ Մաքօ Մկրտիչեանի յուշանուէրներ յանձնեց իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։ Հարկ է նշել, որ վերջինները ստացած են նաեւ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.