2011-01-23 10:13:45

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր


Հ. Յովսէփ Վրդ. Թոփալեան հեղինակը ''Ո՛վ բարեկամ'' հատորին։

2005-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Հ. Յովսէփ վրդ Թոփալեանի ''Ո՛վ բարեկամ'' խորագրեալ գիրքը, որ կը բաղկանայ 144 էջերէ եւ կ'ընդրկէ 72 քարոզներ, որոնց ենթահողը կը կազմեն կեանքի բարոյական սկզբունքները։
Հայր Յովսէփ 1971-1988 կրթական տարիներուն պաշտօնավարած է նախ իբրեւ ուսուցիչ եւ, ապա, իբրեւ տնօրէն Պէյրութի՝ Հազմիէի Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ։
1983-1999 ժամանակաշրջանին քարոզած է կրօնա-բարոյական նիւթեր՝ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դրութեամբ Փարատայզ հայկական ռատիոկայանէն։
Հեղինակն է ՜՜Աստուծոյ թաղումին ես ներկայ եղայ՝՝, ՜՜Աստուած՝ ձայնասփիւռէն՝՝, եւ ՜՜Մարիամ՝ ձայնասփիւռէն՝՝ երկերուն ։
Աշխատակցած է ՜՜Մուսա լեռ՝՝, ՜՜Աւետիք՝՝ եւ ՜՜Վերելք՝՝ պարբերաթերթերուն։
Հատորին սկիզբը հեղինակը կ'ըսէ, թէ Արարատ լեռն ու Լիբանանի մայրիները առնչուած են իրարու անքակտելի կապերով։ Թէ՝ այս յղացքով, իր նախնիներէն ժառանգած հայրենիքը թէեւ Հայաստանն է իր չքնաղ բնութեամբ եւ պատմական շքեղ անցեալով, սակայն, ըստ իրեն, Զղարթան՝ հիւսիսային Լեռնալիբանանի այդ գեղեցիկ գիւղաքաղաքը, ըլլալով իր ծննդավայրը, կը պահէ նոյնպէս իր անփոխարինելի հմայքը։ Ահա թէ ինչո՛ւ այս առիթով կ'ըսէ
- Հո՛ն, այդ գիւղաքաղաքին մէջ,
Բռնկեցաւ սէրը հեռաւոր Հայրենիքիս՝
Սուրբ գրային Հայաստանի
Եւ իմ հերոս նախահայրերուս երկնաքար Երկրիս
Արարատ-Մասիս սիգապանծ սարերուն։
Այո՛, ո՛վ բարեկամ,
Ես ամէն բանէ վեր,
Հոգիիս արեւին պէս
Եւ իմ զղարթացի մօրս նման
Կը սիրեմ իմ ծննդավայրս՝
Զղարթա՜։

Հատորի յաջորդ բաժիններուն մէջ հեղինակը կը քարոզէ աւետարանական կարգ մը սկզբունքներ։
Ան կը թելադրէ Քրիստոսով եղբայրացած բոլոր մարդոց, որ ամէն առաւօտ բարի լոյս մաղթեն իրարու եւ արթուն պահեն իրենց սրտերուն մէջ խղճմտանքի կենսաթրթիռ ձայնը։
Հայր Թոփալեան կ'ըսէ, թէ հետեւելով Քրիստոսի պատուէրին՝ ընտրած է ճշմարտութեան ճամբան, որպէսզի ըլլայ կենսուրախ, ըլլայ մաքրասիրտ եւ չմատնուի չարաղէտ փորձանքներու։
Հեղինակը կը գնահատէ այն բարեկամները, որոնք հետամուտ են կատարելու բարեսիրական գործեր։ Այս առումով, յատկանշական է ՜՜Ես կը սիրեմ հարուստը ՝՝ խորագրեալ քերթուածը, ուր հեղինակը կը սիրէ այն հարուստը, որ արդարօրէն կը վարձատրէ իր գործաւորները եւ չի կողոպտեր իր յաճախորդները։ Ան կը սիրէ այն հարուստը, որ ունի հեզահամբոյր նկարագիր, առատաձեռն է եւ իր հարստութենէն բաժին կը հանէ չքաւորներուն։
Կը թելադրէ իր բարեկամին, որ աղօթէ շարունակ, որովհետեւ, կ'ըսէ ան, միայն աղօթքով կարելի է ըլլալ աստուածավախ եւ առաքինասէր։
Հայր Թոփալեան կը դրուատէ այն համոզումը, թէ աղօթելու համար պայման չէ եկեղեցի երթալ այն իրողութեամբ, որ դուն, իբրեւ բարեպաշտ քրիստոնեայ՝
- Կ'աղօթե՛ս, երբ խղճիդ համաձայն կապրիս։
Կ'աղօթե՛ս, երբ պարտականութիւնդ լաւագոյնս կը կատարես։
Կ'աղօթե՛ս, երբ կաշխատիս։
Կ'աղօթե՛ս, երբ կօգնես կարօտեալին։
Կ'աղօթե՛ս, երբ խաղաղութիւն կը սփռես։
Հայր Յովսէփ կը թելադրէ իր բարեկամին, որ չմեղանչէ երբեք, տրուած ըլլալով, որ մեղանչող մարդը կը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնը եւ կը դառնայ նախատինքի առարկայ։
Իբրեւ եզրակացութիւն, կ'ուզենք հաստատել, թէ հայր Յովսէփ Թոփալեան ՜՜Ո՛վ բարեկամ՝՝ խորագրեալ հատորին մէջ կ'ըսէ, թէ կարելի չէ ապրիլ առանց աշխատանքի, որ Աստուծոյ կողմէ մարդ էակին շնորհուած օրհնութիւն է։
Թէ՝ առանց աշխատանքի իւրաքանչիւր անհատ կը զրկուի այն գործօն հնարաւորութենէն, որ կը հանդիսանայ գոյութեան իմաստը համամարդկային երջանկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.