2011-01-22 10:57:02

Նախագահ Սարգսեան ընդունեց Թոմաս Համըրպըրկը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համըրպըրկը։ Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց համագործակցութիւնը եւրոպական կառոյցներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով Համըրպըրկին Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն սատարելու համար՝ նախագահ Սարգսեան նշեց, որ անցնող 20 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ հսկայական աշխատանք կատարուած է։ Միեւնոյն ժամանակ ան կը գիտակցի, որ Հայաստան տակաւին երկար ճամբայ ունի անցնելիք։
Ի պատասխան նախագահ Սարգսեանի խօսքին՝ Համըրպըրկ յայտնեց, որ ոչ միայն Եւրոպական խորհուրդը Հայաստանին կ՚օգնէ, այլ նաեւ Հայաստան կը մասնակցի եւ կ՚օժանդակէ Եւրոպական խորհուրդի գործունէութեան։
«Եւրոպական խորհուրդը արժէքաւոր կը նկատուի, որովհետեւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքը ընդունած է իբրեւ մօտեցում։ Մենք իրարմէ կը սորվինք ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան մարզերը։ Ինչպէս նախորդ այցելութեանս պարագային, այս անգամ ալ ուզեցի այցելութեանս աւարտին հանդիպիլ ձեզի հետ, որպէսզի մեր հանդիպումներէն, զրոյցներէն ստացած տպաւորութիւնները ներկայացնեմ, զեկուցեմ ձեզի», նշեց Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը։
Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց Եւրոպական խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ ընդլայնուող համագործակցութիւնը եւ անոր ծիրին մէջ իրականացուող բարեփոխումները։
Համըրպըրկի խնդրանքով նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ շրջանային կարգ մը խնդիրներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.