2011-01-22 09:11:55

Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարքին Յուղարկաւորութիւնը։


Շաբաթ 22 Յունուար 2011 -ին Ժամը 10.00-ին Պէյրութի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Ս պատարագ եւ Հանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Հայոց Հայրապետի հոգւոյն համար , յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ, պետական մակարդակով ներկայութեամբ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ու մեծաթիւ բարեկամներու։ Արարողութենէն ետք Հայրապետին մարմինը փոխադրուեցաւ Զմմառու Մայրավանքի Եկեղեցին, ուր ամփոփուեցաւ Կաթողիկոսական - Պատրիարքական դամբարանին մէջ ։
Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան իր մահկանացուն կնքած էր 84 տարեկանին, 16 Յունուարին 2011-ին Լիբանանի մէջ , խոր սուգի մատնելով զինք ճանչցողները։

Նշենք որ Հռոմի Ս Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ Ի Յիշատակ Վաստակաւոր Կաթողիկոս-պատրիարքին, Հոգեհանգստեան հայածէս ձայնաւոր Պատարագ մատոյց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիրարքը առընթերակայութեամբ՝ Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի առաջնորդը Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց եւ արհի. Գրիգոր եպ. Կապրոյեանի Փարիզի առաջնորդին։
Ներկայ էին՝ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ նախագահը Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովին, Հայ եւ Հռոմի բարձրաստիճան Եկեղեցականներ՝ յիշենք անոնցմէ Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպ Ղպտիներու պատրիարքը, Գերապայծառ Օտօ՝ Հալէպի գաղտէացի համայնքի առաջնորդը, Գերպ. Պշարա ալ Ռայի՝ Մարոնի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, կրօնաւորական Միաբանութիւններու մեծաւորներ ու Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Մեծաւորուհի՝ Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան եւ Միաբանակից քոյրերը։
Ներկայ էին նաեւ Ս Աթոռի մօտ Լիբանանի դեսպանը, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոսը եւ Մակի Պարենամթերային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի դեսպանը ինչպէս նաեւ հայ ու իտալացի հաւատացեալներ։
Արդարեւ Հանգուցեալ պատրիարքը շատ սիրուած էր բոլորին կողմէ, իր ունեցած ՜՜Գարիզմին՝՝ համար։ Միշտ ժպտադէմ եւ սիրով կը խօսէր ամենափոքր անձէն մինչեւ մեծ անձնաւորութիւններուն հետ։
Ողբացեալ պատրիարքը ծնած էր Գահիրէ (20/01/1927-ին եւ վախճանեցաւ 16/01/2011-ին Լիբանանի մէջ)։ Կրնանք ըսել որ ճիշտ իր ծննդեան տարեդարձին օրը մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագը Յաւիտենական քաղաքի մէջ։ Ան Տանն Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք եղաւ ՝ 1982էն մինչեւ 1999 ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ս գրային ընթերցումներէն ետք արտասանած քարոզին մէջ, ըսաւ որ որպէս քրիստոնեայ մենք կը հաւատանք որ Հանգուցեալ Հայրապետը՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան ծնաւ դէպի նոր կեանք. վեր առաւ ողբացեալին առաքինութիւնները Սէրը Աստուծոյ հանդէպ եւ նուիրումը եկեղեցւոյ ու իր հօտին համար ան ունէր յատուկ Գարիզմ՝ շնորհապարգեւ մը։
Հոգեհանգստեան պատարագին աւարտին Կարտինալ Սանտրի ` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց ըսելով. կ'ուզեմ յայտնել իմ մօտիկութիւնս հայ Կաթողիկէ համայնքի բոլոր անդամներուն եւ զաւակներուն, այս հոգեհանգստեան պատարագի մատուցումով մեր աղօթքն է որ ողբացեալ հովիւի հոգին բիւրեղանայ ու ընդունուի Տիրոջ Արքայութեան մէջ, որ Ան պատարստած է իր հաւատարիմ ծառաներուն։
Հանգուցեալ Հովիւը եղաւ ազնուական ու բարեշնորհ դէմք մը, որուն հայրութիւնը իւրայատուկ է բարի հովիւի։ Ան եղաւ Գլուխը եւ Հայրը հայ կաթողիկէ համայնքին, պատմական խռով ու դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հօտը զոհ էր Լիբանանու պատերազմի, մինչ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ կը շարունակուէր հալածանքը բոլոր եկեղեցիներու։ Ան մեծ հոգատարութեամբ աշխատեցաւ օգնութեան հասնելով իր ցիրուցան եղած հօտին։ Ապա Պերլինի պատի փլուզմէն անմիջապէս ետք աշխատեցաւ վերածնունդ տալ ու վերակազմել Հայաստանի ու Վրաստանի հայ կաթողիկէ եկեղեցին։ Ու երբ հրաժարեցաւ շարունակեց քահանայական ոգիով ու աղօթքով օգտակար ըլլալ իր համայնքի զաւակներուն։
Հռոմի Ս. Նիկողայոս հայ եկեղեցիէն կը հայցենք Աստուծմէ որ վարձատրէ իր հաւատարիմ ծառան եւ միաժամանակ մեր մօտիկութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք կ'ողբան հանգուցեալ հայրապետը, լիայոյս ենք որ Աստուածային Սէրը իր երկնային խումբերուն հետ պիտի ընդունի զայն գովաբանելու ու փառաբանելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։
Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, նահատակ սուրբերը, ու բոլոր սուրբ հայրերը առաջնորդեն զինք ողորմութեան ու խաղաղութեան Աստուծոյ առջեւ։
Հուսկ՝ Կարտինալը եւ ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս 19-րդ ու Լեւոնեան դպրեվանքի մեծաւորը ընդունեցին ցաւակցութիւնները Լեւոնեան վարժարանի Շնորհալիի նուիրուած դահլիճին մէջ։

Աշխարհասփիւռ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի հանգուցեալ պատրիարքին ի յիշատակ։
Մոնրէալի հայ կաթողիկէ Տիրամայր Նարեկայ եկեղեցւոյ մէջ
կիրակի, 23 յունուարին ժամը 10.30-ին։
Լուրը հաղորդելով Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը գերյ. Գէորգ Ծ Վրդ Զապարեան կը յիշեցնէ թէ ՜՜ հանգուցեալ Գասպարեան հոգեւոր տէրը նուիրած էր Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկայ եկեղեցին, որ կառուցուեցաւ 15 մայիս 1983-ին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.