2011-01-22 11:02:06

՜՜Քրիստոնեաներու Միութիւնը Կը Պահանջէ Շատ Համբերութիւն՝՝


յայտարարած է կարտինալ Գոշ նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, մատնանշելով թէ դարձը կը մնայ խղճմտանքի հարց մը։
Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան ընթացքին կարտինալ Գոշ յայտարարած է եկեղեցիներու միութեան աշխատանքը կը պահանջէ մեծ համբերութիւն։ Մենք վստահ ենք, ըսաւ ան, որ մենք կը պահենք մեր համբերութիւնն ու յոյսը։ Խօսելով անգլիական նոր առաջնորդութեան մասին, կարտինալը Գոշ ըսաւ թէ Քրիստոնեաները կարող չեն ըսել . հասանք մեր նպատակին։ Համամիութեան աշխատանքին մէջ դարձը կը մնայ զուտ խղճմտանքի հարց մը։ Եթէ մէկը դուռը բախէ, մենք խուլ չենք կրնար մնալ ու դուռը չբանալ։ Ապա կարտինալը խօսեցաւ քրիստոնեաներու կրած հալածանքներու մասին, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ եւ մասնաւորապէս անդրադարձաւ վերջերս Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ եղած բռնութիւններու մասին, նոյնպէս կարտինալը ընդգծեց հակահրէական ու հակամահմետական ալիքներու մասին եւ ցաւը յայտնեց որ բազմաթիւ հաւատացեալներ անտարբեր կը մնան քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքին ու հարստահարումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.