2011-01-21 11:37:58

Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Յիշատակին


ԵՂԵՒ ԱՅՐ ՄԻ՝. . . ԱՆՈՒՆ ՆՄԱ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ..

Նշանակութիւնը Յովհաննէս անունին՝Գութ,Բարութիւն,Սէր եւ Մարդկայնութիւն...
Յիսուսի ամէնէն սիրելի առաքեալն էր Յովհաննէս: Տասներկու առաքեալներէն միակը
որ մենաշնորհը ունեցաւ իր Տիրոջ յոգնած կուրծքին հանգչեցնելու իր գլուխը եւ լսելու
անոր սրտին տրոփիւնը՝նախ քան դաւաճանութիւնը Յուդայի եւ ուրացումը Պետրոսի:
Յիսուսի Խաչին ներքեւ կանգնած էր տրտում եւ յուսաբեկ,երբ Յիսուս Մայրը ցոյց տա-
լով Յովհաննէսին ըսաւ,Ահա Մայրդե,ապա Յովհաննէսը ցոյց տալով Մօրը ըսաւ,Ահա
որդիդե:Մարիամ Յիսուսի մահէն ետք վայելեց Յովհաննէսին խնամքն ու սէրը:
Լիբանանեան պատերազմի ահեղ օրերուն,ուր մարդ կ՛ապրէր առեւանգումի,թալա
նումի եւ մահուան սարսափ՝,Եղեւ այր մի՝անուն նմա Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ.Կաթո-
ղիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոցեոր եկաւ իր ժողովուրդին վկայե-
լու զինք առաքողին Գութին,Բարութեան եւ Սիրոյն:Եկաւ յուսաբեկ սրտերը ամոքելու,
իր կղերը հայրական խնամակալ հովանիին ներքեւ պատսպարելու եւ պահպանելու:
Սիրեց իրենները եւ իրենները սիրեցին զինք : Առաջին անգամ զինք տեսնողը կ՛ուզէր
կրկին վայելել անոր քաղցր ներկայութիւնը,անուշ ժպիտը, թովիչ ակնարկը որ կը թա-
փանցէր հոգիին խորը՝անիմանալի կապ մը ստեղծելով ընդմէջ մարդուն,հաւատացեա
լին եւ այդ ազնուազարմ հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականին հետ:Իշխան մըն էր ան:Տառա
պողին հետ տառապող,խնդացողին հետ խնդացող: Հեզահամբոյր, խաղաղ, անդորր եւ
անդորրացուցիչ: Ոչինչ ունէր : Իր հարստութիւնն ու դրամագլուխը իր ժողովուրդն էր:
Մեծ է Աստուած իր արարածներուն մէջ: Ան ձրիաբար կ՛արձակէ իր կատարելութեան
Ճառագայթները անոնց վրայ,որպէսզի անոնցմով փառաւորուի:
Համաշխարհայնացումի,քաղաքակրթութեան,յառաջդիմութեան այս կարծր դարուն
ուր ժողովուրդներ,տէրութիւններ իրարու կ՛ընդհարին,զիրար կը հալածեն եւ զինային
արշաւի ելած են, մարդկային մտատանջ , խռովայոյզ եւ ջղասպառ հասարակութիւնը
որքան կարիքն ունի Մարդուն,Ղեկավար Մարդուն կրօնական թէ քաղաքական մար-
զերուն մէջ : Բառին ամէնէն հարազատ , ամբողջական եւ ստուգաբանական առումով
,ՄԱ՛ՐԴե էր Յովհաննէս ԺԸ.Կաթողիկոս-Պատրիարքը՝իր դրական եւ ժխտական կող-
մերով:Կատարելութիւնը Աստուծոյ է:Օ՛րն է որ վկայենք ճշմարտութեան Աստուծոյ եւ
մարդոց առջեւ թէ Բարութեան Բարձունք մըն էիր դու,Ամենապատի՛ւ,սիրելի՛Հոգեւոր
Տէր: Բարձունքներն ալ սիրեցին,շոյեցին ու սնուցին քեզ իրենց կազդուրիչ օդով : Այժմ,
որ երկնային օթեւաններու մէջ միացած Լուսաւորչի,Նարեկացիի և Շնորհալիի հոյլին
կ՛երգես ,Փառք ի բարձունս Աստուծոյե, թող Աջդ օրհնաբեր եւ պահապան մնայ մեզի՝
հոգեւոր զաւակներուդ,որ ի խորոց սրտի կը սգանք ու կ՛ողբանք բաժանումդ մեզմէ:
Ընդունէ՛,անմոռանալի Հայրապետ, այս հոգեբուխ տողերս որպէս սիրոյ Ծաղկեփունջ
խնկաբոյր յիշատակիդ: Հարուստ էինք քեզմով:Կորուստովդ որբացանք:

Վարդապետդ՝
Հայր Անտոն Ադամեան








All the contents on this site are copyrighted ©.