2011-01-21 11:41:58

Առաքելոց Երգչախումբը Համերգներով Ելոյթ Պիտի Ունենայ Կիպրոսի Մէջ


Հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ Կիպրոսի թեմին, աջակցութեամբ մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամին, այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն «Առաքելոց» սենեկային երգչախումբը մեկնեցաւ Կիպրոս՝ համերգներ ունենալու համար Լառնաքայի եւ Նիկոսիոյ մէջ։
Այսօր երեկոյեան Լառնաքայի մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին համերգը, իսկ վաղը՝ շաբաթ, 22 յունուարին, Նիկոսիոյ մէջ՝ երկրորդ համերգը։ Կիրակի, 23 յունուարի առաւօտեան, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երգչախումբը պիտի մեկնաբանէ Կոմիտասի պատարագը։
Համերգներու ընթացքին Գրիգոր սրկ. Ալլոզեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբը պիտի ներկայացնէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան գլուխ-գործոցներէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Կոմիտասի եւ այլ շարականագիրներու ստեղծագործութիւնները։ Հարկ է նշել, որ սոյն համերգները նուիրուած են լուսահոգի Զարեհ արք. Ազնաւորեանի եւ լիբանանահայ հանգուցեալ մտաւորական ու մանկավարժ Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակին







All the contents on this site are copyrighted ©.