2011-01-20 11:17:27

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ
Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի Այցելութիւնը ՜՜Պելլոզկուարտօ՝՝ Հռոմի Մանուկ Յիսուսի Մանկաբուժարան։


Վատիկանի պետական Քարտուղարը՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ այցելութիւն կատարեց ՜՜Պելլոզկուարտօ՝՝ Հռոմի Մանուկ Յիսուսի Մանկաբուժարանի` Հիւրնկալութեան Տան։
Ծիրանաւորը Մանկաբուժարան ժամանեց Ժամը 17.15-ին ու զինք դիմաւորեցին Մանկաբուժարանի Նախագահը՝ Փրօֆ. Ճուզեփփէ Բրոֆիդդին` Հռոմի Քաղաքապետը՝ Ճիաննի Ալեմաննոն` Եւ Տոքթ. Կուիտօ Փրէտան Մագ Տոնալտ Իտալիոյ մասնաճիւղի Բարեսիրական Հաստատութեան նախագահը։
Հիւրնկալութեան ՜՜Պելլոզկուարտօ՝՝ Տունը կը ծառայէ հիւրնկալելու ծանր հիւանդ մանուկներու ընտանեկան պարագաները, որոնք Հռոմ կը գտնուին ընկերանալու իրենց հիւանդ զաւակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.