2011-01-20 11:11:01

Կարտինալ Թոռան Հարց Կու Տայ Թէ՝ Ինչո՞ւ Կրօնները Վախ Կը Պատճառեն - ՜՜Հոգեւորութիւնը Պէտք Չէ Որ Զէնք Դառնայ։


ֆրանսական Լա Գրուա օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով՝ Կարտինալ Թորան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, կը հաստատէ թէ հաւատացեալները իրենց հոգեւորութիւնը պէտք է դնեն ի սպաս բոլոր մարդոց եւ ոչ թէ զայն գործածեն որպէս զէնք մարդու դէմ։
Պատասխանելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն Ասսիզի քաղաքին մէջ գումարելիք միջկրօնական ժողովի մասին՝ հարցումին, Կարտինալ Թորան ըսաւ թէ հաւատացեալները իրենց հոգեւորութեամբ պէտք է սատարեն խաղաղութեան ու համակեցութեան հաստատումին բոլոր ժողովուրդներու միջեւ։ Ապա ան ընդգծեց թէ կրօնները չեն որ վախ կը պատճառեն, այլ անոնց հետեւորդները։
Հուսկ Կարտինալ Թորան ցաւով դիրել կու տայ թէ Իրաքի եւ Աղեքսանդրիոյ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած բռնութիւնները ցոյց կու տան թէ ՜՜տակաւին հեռու ենք ճշմարիտ երկխօսութենէն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.