2011-01-19 12:47:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը


՜՜ Քրիստոնեաներու Աղօթքի Միութեան Շաբաթը՝՝ Նիւթին Մասին։

Չորեքշաբթի 19 յունուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ նշանակութեան վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ այս տարուայ խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Երուսաղէմի քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան փորձառութենէն, ինչպէս որ նկարագրուած է Գործ Առաքեալներու Գիրքին մէջ. ''անոնք` հաւատացեալները, կը յարատեւէին Առաքեալներու ուսուցման մէջ, հաւատարիմ էին հաղորդութեան, հացի բեկանումին եւ աղօթքներուն''։
Այս չորս տարրերը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօր եւս կը ներկայացնեն սիւները քրիստոնեայ բոլոր հասարակութեան եւ կը կազմեն ամուր հիմը յառաջանալու Եկեղեցւոյ տեսանելի միութեան մէջ։
Որպէս Քրիստոսի աշակերտներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ամէնքս կանչուած ենք վկայութիւն տալու աշխարհին Միակ Աստուծոյ որ Ինզինք յայտնեց ու մեզի կը խօսի Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որպէսզի կարենանք ըլլալ բանբերները պատգամին, որ կ'ուղղէ ու կը լուսաւորէ մեր ժամանակակից մարդու ճանապարհը, որ յաճախ ուղեկորոյս եղած է որովհետեւ զրկուած է լուսաւոր ու վաւեր փարոսէ մը։ Հետեւաբար ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կարեւոր է որ ամէն օր մեծնանք ու զօրանանք փոխադարձ սիրով, աշխատելով նուաճել բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ գոյացած արգլելքները։ Հարկաւոր է ունենալ զգացումը որ ներքին միութիւն մը կայ բոլոր անոնց մէջ որոնք կը հետեւին Քրիստոսի եւ ամէնքս կանչուած ենք կարելիին չափով համագործակցելու լուծումներ գտնելու համար բաց հարցերուն եւ այդ խոր համզումը ունենալ թէ մեր այս ջանքին մէջ Տէրը ներկայ է ։
Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կը հրաւիրեմ ձեզ յարատեւելու աղօթքին մէջ Տիրոջմէն հայցելով միութեան շնորհքը, որպէսզի անոր փրկարար ու հաշտութեան ծրագիրը իրականանայ համայն աշխարհի մէջ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները հրաւիրելով զանոնք ըլլալու միութեան եւ հաշտութեան դերակատարներ իրենց շրջապատէն ներս։ Աշխարհը պէտք ունի ձեր վկայութեան։ Թող Տէրը ամէնքդ օրհնէ աւելցուց Նորին Սրբութիւնը։
Հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք աղօթելու քրիստոնեաներու միութեան համար որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները ընդառաջեն Քրիստոսի հաւատքի միութեան կանչին միակ Եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.