2011-01-19 12:40:02

Հրանդ Տինքի նուիրուած ՜՜միտքի եւ խօսքի ազատութեան մրցանակ՝՝


Շատ մը համայնքներու շարքին Հռոմի Հայ համայնքը եւս կ՛ոգեկոչէ Հրանդ Տինքը։ Չորս տարիէ ի վեր կազմակերպելով յիշատակի հանդիպումներ ու նաեւ անոր՝ Հայ գրող նահատակ Տինքի՝ անուան նուիրուած <<միտքի եւ խօսքի ազատութեան մրցանակ>> մը, որ կը շնորհուի իտալացի հանրածանօթ լրագրողներու՝ որոնք իրենց գործունէութեամբ պաշտպան հանդիսացան փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ Հայկական Հարցը լուսարձակի տակ դնելով ճանչցուցին զայն իտալական հանրութեան։ Արդարեւ՝ Յառաջիկայ ուրբաթ օրը (21 յունուարին երեկոյան ժամը 6ին) Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Պատուոյ Դահլիճի մէջ տեղի կ՛ունենայ ՜՜Հրանդ Տինքի՝ միտքի եւ խօսքի ազատութեան մրցանակ՝՝ ի տուուչութիւնը, որ այս տարի պիտի շնորհուի լրագրող եւ պատմագէտ Տոքթ. Մարքօ Իմբալիացցոյի։ Այս մրցանակը ձեռնարկուած է Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի կողմէ, հովանաւորութեամբ՝ Հռոմի Քաղաքապետարանին եւ համագործակցութեամբը՝ <<լրագրողներ առանց սահմանի>> ընկերակցութեան, ու Լեւոնեան Վարժարանի Տնօրէնութեան Մասնակցութեամբ ։


Հրանդ Տինքի սպանութեան չորրորդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ Երեւանի մէջ
Յունուար 19ին, ՀՀ ազգային գրադարանի դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ Հրանդ Տինքի մահուան Դ. տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ելոյթ կ՝ունենան ի շարս որոնց ՜՜Մէկ ու կէս միլիոն առաւել մէկ- Հայրենիք-Սփիւռք Մշակութային Կամուրջ՝՝ հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահը Արման Աւետիսեան, հայագէտ Վարդան Դեւրիկեան, Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դասախօս Արմէն Կարապետեան, Զինեալ ուժերու հրամանատար Սամուէլ Սաֆարեան, գնդապետ Գրիգոր Սարգսեան, ՀՀի մէջ գործող դեսպանատուներէն դիւանագիտական այրեր, Աւետիս Ահարոնեանի վերջին ժառանգ՝ ակադեմիկոս Հ. Ահարոնեան եւ բարձրաստիճան այլ անձինք։
Ցերեկոյթին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 95-100ամեայ յոբելինական՝ Աւետիս Ահարոնեան ոսկէ մետալներու պարգեւատրումներ։
Նոյն օրը Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի կ՝ ունենայ ցոյց մը՝ Թուրքիա՛, դէմ յանդիման կանգնիր քո պատմութեանը, յարգիր ազգային փոքրամասնութեան իրաւունքները կոչը ընելով։ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ նաեւ տեղի կ՝ունենայ ձեռնարկ մը, որուն ծիրէն ներս հանդէս կու գայ թրքական ընկերակցութեան հիմնադիրներէն Ռակըպ Զարաքօլու՝ ՜՜Իրականութեան մէջ ի՛նչ կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ՝՝ թեմայով։








All the contents on this site are copyrighted ©.