2011-01-19 13:06:11

Հ Հ նախագահին Պաշտօնական Այցելութիւնը Յունաստան.
՜՜Հայեւյոյն Դարաւոր Բարեկամութեան Վերանորոգում՝՝


Նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական առաջին այս այցը Յունաստան տեղի կ'ունենայ թէ՛ զոյգ երկիրներուն՝ Յունաստանի եւ Հայաստանի համար, թէ՛ միջազգային ու շրջանային քաղաքական խմորումներու առումով զգայուն մէկ պահու։
Այս բոլոր ուղղութիւններով՝ քաղաքական վարքագծերու մերձեցման, հայեւյոյն միջպետական համագործակցութեան սերտացման ու առեւտրականարդիւնաբերական գործընկերութեան ընդլայնման իրապէս ընդգըրկուն օրակարգով մը կը յատկանշուի Հայաստանի նախագահին պաշտօնական այցը Աթէնք։ Այս առիթով երկկողմ համաձայնագիրներու ստորագրութեան կողքին, Հայաստանի նախագահն ու Յունաստանի իր պաշտօնակիցները կոչուած են հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առջեւ նոր հորիզոններ բանալու՝ համադրուած քայլերով յառաջանալու եւ յաղթահարելու համար հասարակաց դժուարութիւնները։
Հայաստանի նախագահին պաշտօնական առաջին այս այցելութիւնը ողջունելու յատուկ պատճառներ ունի մանաւանդ Յունաստանի հայութիւնը, որուն ազգային կառոյցներուն եւ միութեանց ներկայացուցիչներուն հետ առանձին հանդիպում մը նախատեսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Հայաստանի նախագահը առանձին հանդիպումներ նախատեսած է նաեւ Յունաստանի մէջ գործող հայ ազգային կուսակցութեանց պատասխանատու մարմիններուն հետ։
Յունաստանի գաղութի ներկայացուցիչները հնարաւորութիւնը պիտի ունենան ուղղակի աղբիւրէն լսելու եւ իրազեկ դառնալու հայրենի մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը յուզող հարցերուն, արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան մէջ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներուն մասին։
Ի վերջոյ, պաշտօնական իր բնոյթէն անդին նաեւ աշխատանքային խիտ օրակարգ ունի Հայաստանի նախագահին Յունաստան այցելութիւնը։ Բոլորին մաղթանքը, որ հայեւյունական բարեկամութեան ու միջպետական գործակցութեան առջեւ բացուին նոր հեռանկարներ։
Ի սպաս Յունաստանի եւ Հայաստանի միջպետական երկկողմանի համագործակցութեան խորացման ու ամրապնդման։










All the contents on this site are copyrighted ©.