2011-01-19 12:40:12

Գերապայծառ Ալտօ Ճորտանօ Եւրոխորհուրդի Մօտ Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտը Կը Հաստատէ` ՜՜Եւրոպան Պէտք Ունի Հաւատքի Լոյսին՝՝։
Եւրոխորհուրդի Իշխանութիւններու Խնդակցութիւնը Ի Լուր Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Երանացման։


Երկուշաբթի 17 յունուարին նախաձեռնութեամբ՝ Եւրոխորհուրդի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն առաքելական գրասենեակին, Սթրազպուրկի Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ մը նուիրուած՝ Եւրոպայի դիտաւորութեան ու յատուկ կերպով բոլոր անոնց որ յամձնառու են Եւրոպական Խորհուրդի հաստատութիւններէն ներս։ Այս առթիւ Գերապայծառ Ալտօ Ճորտանօ՝ Եւրոխորհուրդի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ արարողութեան մասին, մատնանշելով իր զարմանքը ի տես Սթրազպուրկի Մայր Տաճարի մէջ գտնուող հոծ բազմութեան կազմուած եւրոխորհուրդի ներկայացուցիչներէ, դեսպաններէ, դատախազներէ եւ այլ բարձր պաշտօնով անձնաւորութիւններէ։ Այս Պատարագը հանդիսացաւ ՜՜առիթը՝՝ վկայելու՝ Աստուծոյ գոյութիւնը նաեւ հասարակական կեանքէն ներս։ Ապա Գերապայծառ Ճորտանօ
հաստատեց թէ Եւրոպան պէտք ունի հաւատքի լոյսին՛. աշխարհականացումի եւ կրօնը մէկ կողմ դնելու փորձին առջեւ, օրէ օր կ՛աւելնայ փափաքը փնտռելու ՜՜իսկական լոյսի աղբիւրը՝՝ որ է ՜՜Աստուած՝՝։ Կրօնի ազատութիւնը պաշպանելը ուրիշ մարտահրաւէր մըն է։ Կրօնի ազատութիւնը պաշպանելով մենք կը պաշտպանենք անհատին արժանապատուութիւնը որ հիմնուած է աստուածայինի հետ կապի վրայ։
Ապա Գերապայծառ Ճորտանօ անդրադառնալով Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Երանացման լուրին յառաջիկայ 1 մայիսին, յայտնեց Եւրոխորհուրդի իշխանութիւններուն խնդակցութիւնը, որով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը նկատուած է որպէս Նոր Եւրոպայի գլխաւոր դերակատաներէն մին։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը հաստատած էր թէ Եւրոպան պէտք ունի Աստուծոյ ու պէտք ունի վերագտնելու իր քրիստոնէական արմատները։ Եւրոպան պէտք է ըլլայ իսկական ազատութեան վայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.