2011-01-18 12:43:11

Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը 17- 25 Յունուար 2011


Այս շաբթուայ ընթացքին` (18-25 Յունուար) կը կատարենք աղօթքներ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար. Զանազան դարերու ընթացքին բաժանումներ յառաջացած են այդ Եկեղեցւոյն մէջ, որ գոյացած են մեծ մասամբ քրիստոնեայ հասարակութիւններու միջեւ վարդապետական անհասկացողութիւններու հետեւանքով։ Այսօր գրեթէ հարթուած են այդ վարդապետական բաժանմունքները եւ երկուստեք անկեղծ փափաք մը կայ իրար հանդիպելու վերջնականապէս լուծելու համար այս կացութիւնը։
Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Եկեղեցիներու Միութեան Համար Միջեկեղեցական Աղօթքի Շաբթուան Պաշտօնական Բացումը։
Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու միութեան համար միջեկեղեցական աղօթքի շաբթուան այս տարուան պաշտօնական բացման արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն։
Եկեղեցւոյ միութեան համար աղօթքի շաբաթը ամէն տարի Աստուածաշունչէն ընտրուած յատուկ բնաբանի մը առաջնորդութեամբ աշխարհի տարածքին տեղի կ'ունենայ յունուար ամսուան 3-րդ շաբթուան ամբողջ տեւողութեան եւ կ'աւարտի պաշտօնական արարողութեամբ։
Արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Սըմաան Աթալլա։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք Խաչերեանին՝ իր ընդունելութեան համար։ Աթալլա նկատել տուաւ, որ աղօթքի այս շաբաթը տեղի կ'ունենայ 100 տարիէ ի վեր եւ կը նպատակադրէ քրիստոնէութեան միացումը։ Ան բացատրեց, որ շաբթուան նիւթը առնուած է Երուսաղէմի ժողովուրդէն, որուն մասին մարգարէները գրած են՝ աւելցնելով, որ այդ գրութեան մէջ հրաւէր կայ վերադառնալու արմատներուն, ակունքներուն, որովհետեւ Աստուած կ'ուզէ, որ կարեւորութեամբ շեշտենք մարդկային արժէքները, որպէսզի ամէն բան սրբանայ։ Սըմաան Աթալլա շեշտեց, որ այս աղօթքը հանգրուան մըն է վերանորոգելու մեր որոշումը եւ հաւատքը՝ եկեղեցիներու միութեան շուրջ։
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք Խաչերեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ այս հանդիպումը կ'ենթադրէ ընկերակցութիւն։ Ընկերակցութիւնը կ'ենթադրէ լսել մեր մէջ եղող Յիսուսի ձայնը, լսելը մեզ կ'ուղղէ, որ մտածենք Աստուծոյ մեծութեան եւ փառքին մասին, ինչ որ մեզ կ'առաջնորդէ աղօթելու, իսկ աղօթքը մեզ կը միացնէ մեր Արարիչին՝ Աստուծոյ հետ։
Սրբազանը հարց տուաւ, թէ քրիստոնէութիւնը, որ խորհրդանիշն է ներողամտութեան եւ սիրոյ, արժանի չէ՞, որ զիջինք մեր կապուածութիւններէն եւ վերանայինք Աստուծոյ նպատակին՝ մեզ ստեղծելուն մէջ։
Բոլոր համայնքները կը փնտռեն միջոցներ՝ հեռացնելու ժամանակակից վէճերն ու անհամաձայնութիւնները, եւ կը դիմեն երկխօսութեան, շեշտեց առաջնորդը աւելցնելով՝ որ ասիկա կ'ենթադրէ որոշ ուսումնասիրութիւններ կարծիքներու փոխանակումներ՝ որոշումներու յանգելու համար։ Ան հաստատեց, որ համայնքներու առաջնորդները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն լուծում գտնելու համար բոլոր հարցերուն։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ սրբազանը յայտնեց, որ 2000 տարի ետք դարձեալ հաւաքուած ենք աղօթելու եկեղեցւոյ միասնականութեան համար՝ շեշտելով, որ մեր սիրով, ներողամտութեամբ, տրամաբանութեամբ պիտի յաղթենք եւ հասնինք մեր նպատակին եկեղեցին պիտի վերադառնայ ինչպէս որ էր իր սկզբնաւորութեան՝ մէկ մարմին, ինչպէս ուզեց Յիսուս Քրիստոս։
Նշենք, որ արարողութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ Առաքելոց երգչախումբը մեկնաբանեց շարականներ, նաեւ համայնքներու ներկայացուցիչները կարդացին Աւետարանէն հատուածներ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող գրութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.