2011-01-18 12:45:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հանդիպումները Հռոմի Լեհ Եկեղեցական Հաստատութեան- Ունեսքոյի Տնօրէն Տիկին Իրինա Պոգովայի Եւ ''Նէոգադեգումենալ Ճանապարհ'' Եկեղեցական Շարժումին Պատասխանատուներուն Ու Անդամներուն Հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը` երկուշաբթի 17 յունուար 2011 ին ընդունելով Հռոմի լեհ եկեղեցական հաստատութեան անդամները իրենց հիմնարկութեան 100ամեակին առթիւ հաստատեց թէ քահանային համար պատարագը եւ Աւետարանը պէտք է անփոխառինելի նկատուին։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ մաղթանք յայտնեց որ Ս. Պետրոսի հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու բարեպաշտութիւնը խթանէ քահանաները վեհանձնութեամբ նուիրուելու ի սպաս Եկեղեցւոյ ։
Նշենք թէ՝ Լեհ եկեղեցական քահանայապետական հաստատութիւնը հիմնուած է Ժոզէֆ Բելշար եպիսկոպոսի կողմէ 1910ի նոյեմբերին։ Առաջին ուսանողները ընդունուեցան 1911ի յունուարին։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ ը 2003-ին երանելի հռչակած է վերոյիշեալ հաստատութեան հիմնադիրը ։
Սրբազան Քահանայապետը` միշտ երկուշաբթի օրը` ընդունելով Ունեսքոյի տնօրէնուհի տիկին Իրինա Պոգովան` անոր հետ շօշափեց հետեւեալ նիւթերը. ՜՜մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւն, պաշտպանում մշակութային համաշխարհային հարստութեան, բնապահպանութիւն ինչպէս նաեւ ամէն անհատի պատշաճ ու որակեալ զարգացում տալու անհրաժեշտութիւնը՝՝ ։
''Նէոգադեգումենալ ճանապարհ'' եկեղեցական շարժումին պատասխանատուներն ու անդամները ընդունելով, շուրջ 7 հազար հոգի, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք ըլլալու հնազանդ Հռոմին, ու հաղորդակցութեան մէջ մնալու տեղական եպիսկոպոսներուն հետ։ Սրբազան հայրը հրաւիրեց զանոնք մասնակցելու նոր աւետարանութեան, որդիական հնազանդութեան ոգիով՝ Հանդէպ Հռոմի ու թեմական եպիսկոպոսներուն, ընդգծելով թէ եղբայրական հաղորդութիւնը, Յիսուսի աշակերտներու միջեւ, առաջին եւ ամենամեծ վկայութիւնն է Յիսուսի անունով։
Յայտնենք թէ ''Նէոգադեգումենալ ճանապարհ'' եկեղեցական շարժումը ծնած 1964ին Մատրիտ մայրաքաղաքի մէկ արուարձանին մէջ Ս. Աթոռէն պաշտօնապէս ճանչցուած է 29 յունիս 2002 եւ անոր կանոնագիրքը` 13 յունիս 2008ին։ Շարժումը հիմնուած՝ ֆրանչեսքօ Արկիլլոյի եւ Գարմեն Հերմանտեսի կողմէ, ներկայ է 120 երկիրներու աւելի քան 900 թեմերու մէջ, բաժնուած 20 հազար հասարակութիւններու։ Ունի 80 նորընծայարաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.