2011-01-18 11:51:40

Կիպրոսի մէջ Սարգսեան եւ Խրիսդոֆիաս միացեալ Հռչակագիր ստորագրեցին


17 յունուարին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Կիպրոս։ Կիպրոսի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Տեմետրիս Խրիսթոֆիասի դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեց երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։
Նախագահները քննարկեցին Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ անդրադարձան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն։
Հանդիպումէն ետք նախագահներ Սարգսեան եւ Խրիսթոֆիաս միացեալ հռչակագիր մը ստորագրեցին Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին։
Այնուհետեւ անոնք տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ այլ հարցերու կողքին։
«Հայաստան դէմ չէ դրացի Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան։ Միեւնոյն ժամանակ համոզուած ենք, որ Թուրքիա պիտի չյաջողի ճամբան հարթել դէպի Եւրոպական Միութիւն առանց իր անցեալին հետ հաշտուելու եւ անմիջական դրացիներու հետ կառուցողական յարաբերութիւններ հաստատելու», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը։
Յայտնենք, որ նախագահ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Նախարար Յակոբեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին։
Այսօր նախարար Յակոբեան նախագահ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ պիտի մեկնի Յունաստան, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սփիւռքի մէջ գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.