2011-01-16 13:19:41

Քահանայապետական տան յայտարաութիւնը Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացման մասին։


Քահանայապետական տան յայտարաութիւնը Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացման մասին։
Քահանայապետական տան ոստիկանութիւնը կը ծանուցանէ թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մայիս մէկ երանացման պատարագին մասնակցելու համար ոչ մէկ դիմումնագիր հարկաւոր է։ Արարողութիւնը բաց է բոլոր հաւատացեալներուն, հետեւաբար հարկաւոր չէ տոմս խնդրել։

Շաբաթ օրուայ ունկնդրութիւններու շարքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի մօտ ծառայութիւն մատուցող ոսսիկանութիւնը, զանոնք որակելով որպէս պահապան հրեշտակներ, որոնք կը հսկեն տեւ եւ գիշեր Վատիկանի վրայ։ Միաժհամանակ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ այս աշխատանքը ձեզմէ կը պահանջէ շատ համբերութիւն, յարատեւութիւն, զոհողութիւն ու տրամդիլիութիւն։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը ըդունեց ֆինլանտիայէն եկած լիւտերանական համամիութենական մէկ պատուիրակութնը, ֆինլանտիայի պաշտպան սուրբ` սուրբ Հենրիկոսի տօնին առթիւ։









All the contents on this site are copyrighted ©.