2011-01-16 12:57:04

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Մատթէոս Մամուրեան (18301901). Զարթօնքի Սերունդին դրօշակիր՝ մեծանուն հրապարակագիրը


2011 Յունուարի15ին լրացաւ մահուան 110ամեակը Մատթէոս Մամուրեանի, որ շուրջ կէս դար, 1850ականներէն սկսեալ, ազատախոհական իր մտածողութեամբ եւ հրապարակագրական դիւրահաղորդ գրիչով գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն եղաւ հայ իրականութեան մէջ՝ հայոց Ազգային Զարթօնքի մեծավաստակ դրօշակիրներէն դառնալով։
Յունուարի այս օրը, 1901ին, 71 տարեկանին, թոքախտի հետեւանքով վախճանեցաւ տաղանդաւոր հրապարակագիր Մատթէոս Մամուրեան։
Ծնած էր Զմիւռնիա, 1830ին։ 1845ին աւարտած էր տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, իսկ 1850ին՝ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը։ 1851ին, ծննդավայրը վերադառնալով, Մ. Աղապէկեանի հետ հիմնած էր Զմիւռնիայի Աղապէկեան ուսումնարանը։ 1853ին ուսուցչութիւն ըրած էր Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր եւ զօրակոչուած էր օսմանեան բանակ եւ Խրիմի պատերազմին ժամանակ աշխատած էր իբրեւ թարգման։ 185657ին, Լոնտոն մեկնելով, յաճախած էր Քեմպրիճի համալսարանը, իբրեւ ազատ ունկնդիր։ 1858ին, ամբողջ երկու տարի, շրջագայած էր Եւրոպայի տարածքին, հասնելով եւ այցելելով նաեւ Ս. Փեթերսպուրկ։
Վերադառնալով Պոլիս, 1860էն 1865, Մ. Մամուրեան ստանձնեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետի պատասխանատուութիւնը՝ իբրեւ արժանաւոր երիտասարդ մտաւորականներէն մէկը Զարթօնքի Սերունդին, յանուն աշխարհաբարի տարածման եւ ազգային իշխանութեանց մէջ աշխարհական ու ժողովրդավարական հակակշռի հաստատման պայքարին նուիրուելով։ Նոյն պաշտօնի վրայ գտնուած միջոցին, 1862ին, ձեռնարկեց մեծածաւալ հանգանակութեան կազմակերպումին՝ ի նպաստ Զէյթունի ապստամբութեան ուժեղացումին, միաժամանակ հրապարակեց Կիլիկիայի տարածքին Ազիզ փաշայի արիւնահեղ քաղաքականութիւնը մերկացնող եւ դատապարտող յօդուածներ։
Իր թերթի (սկզբնապէս՝ ամսաթերթ, ապա՝ կիսամսեայ, իսկ իր մահէն ետք նաեւ շաբաթաթերթ ու օրաթերթ) էջերուն ցրուած Հայկական նամականի վերտառութեամբ եւ Վրոյր ստորագրուած քրոնիկներու շարքով՝ Մ. Մամուրեան ոչ միայն հրապարակագրական այդ ոճին նախակարապետը հանդիսացաւ հայ մամուլին մէջ, այլեւ՝ լուսարձակի տակ առաւ իր ժամանակի դէմքերն ու զարգացումները, գաղափարական հարցերն ու հասարակական դժուարութիւնները, հետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելով այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային եւ հայ իրականութեան զարգացումները քննականօրէն արտացոլող ընդգրկուն հայելի մը։
Այդպէ՛ս էր. հայկական հրապարակագրութիւնը նուաճած էր գաղափարական պայքարի բարձր մակարդակ եւ Մատթէոս Մամուրեան, անվիճելիօրէն, անկորնչելի իր տեղն ու արժէքը ունի ազգային այդ նուաճումին մէջ, իբրեւ յառաջապահներէն մէկը եւ արժանաւոր հրապարակագիրը հայոց Ազգային Զարթօնքի սերունդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.