2011-01-16 12:57:15

Լոյս տեսաւ Ատրինէ Փալանճեանի Հոգւոյ շիթեր յունարէն լեզուով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն


Անցեալ տարուան վերջաւորութեան, 2010ին, Աթէնքի մէջ լոյս տեսաւ Ատրինէ Փալանճեանի Հոգւոյ շիթեր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն, ուր յունարէն լեզուով արտասանութիւններ գրի առնուած են, սիրոյ ուժի, կարօտի, հոգւոյ, ժամանակի մասին։ Յատուկ բաժին մը նուիրուած է հայրենասիրական նիւթով արտասանութիւններու, ինչպէս են՝ Արարատ, Հայու ոգին, Երեւան-Երէբունի, Հայաստան, Անի, Աղթամարի առասպելը, 95 տարիներ քերթուածները։
Հայապահպանութեան, հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ գուրգուրանքի ու հայրենասիրութեան պատգամներ փոխանցող քերթուածները, հարազատ իմաստներ կը փոխանցեն ընթերցողին։








All the contents on this site are copyrighted ©.