2011-01-16 12:57:26

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Սֆէյր Պատրիարքի Հանդիպումը։


Պքէրքէի մէջ Ուրբաթ 14 Յունուարին, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Նասրալլա Սֆէյր Պատրիարքին եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:
Երկու հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ շեշտեցին ներկայ դժուար հանգրուանին մնայուն խորհրդակցութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.