2011-01-15 12:15:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 15 յունուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց
Կարտինալ Մարգ Ուելէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին,
Կարտինալ Կարսիա կասգօ`վաստակաւոր առաջնորդը Վալենսիա թեմին,
ֆինլանտիայէն համամիութենական մէկ պատուիրակութիւն մը թիւով 6 հոգի , Սուրբ Հենրիքոսի տօնին առթիւ
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Վատիկանի անվտանգութեան անձնակազմը։
Ուրբաթ օրը, 14 յունուարին, ընդունելով Իտալիօ Լացիօ մարզի եւ Հռոմ քաղաքի կառավարիչները Նորին Սրբութիւնը խրարխուսեց զանոնք որ դրական քաղաքականութիւն մը որդեգրեն հանդէպ ընտանիքին, մայրութեան ու աշխատանքին։ Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը անոնցմէ խնդրեց աւելի յանձնառումով գործելու նոր սերունդի դաստիարակութեան, աւելի նուիրում ցուցաբերելու տարեցներու հանդէպ ։ Հուսկ Սրբազան Հայրը խրախուսեց պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները որ նկատեն մարդը որպէս կէտնպատակ, որպէսզի ամէն անհատ կարենայ ապրիլ իր մարդկայնութիւնը։
Կիրակի 16 Յունուար 2011, Գաղթականներու Եւ Փախստականներու Համաշխարհային 97-րդ օր։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է ''Մէկ Մարդկային Ազգ'' բնաբանով։
Ճենովայի թեմին մէջ մեծ հանդիսութեամբ պիտի յիշատակուի այդ օրը, այս առթիւ խօսք պիտի առնէ կարտինալ Պանիասքօ՝ առաջնորդը քաղաքի թեմին եւ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին։ Նոյնպէս Հռոմի մէջ հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցուի Սրբուհի Բուտենցիանա՝ պազելիքայի մէջ, ուր մասնաւորապէս կը նախատեսուի մասնակցութիւնը լատին ամերիկայի, փիլիպպեան կղզեխումբի ու ռումանացիներու մասնակցութիւնը։ Կիրակի կէսօրին Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմ գտնւող գաղթականութեան կաթողիկէ համայնքներու ներկայացուցիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.