2011-01-15 12:15:39

Մատրիտի մէջ, 12 - 15 Յունուար Երիտասարդներու 2011 - ի Համաշխարհային Օրուայ Նախապատրաստական Հանդիպում։


12-15 յունուար 2011, Մատրիտի մէջ կը կայանայ նախապատրասական հանդիպում մը մասնակցութեամբ Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի անդամներուն եւ Սպանացի Երիտասարդներու օրուայ Կոմիտէին, ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսական Դասերու եւ եկեղեցական կազմակերպութիւններու զանազան ներկայացուցիչներուն, ուսումնասիրելու՝ պատրաստութիւններու գործընթացքը։
Յիշեցնենք թէ 2011-ի Երիտասարդներու Համաշխարհային օրը տեղի կ՛ունենայ Մատրիտի մէջ 16 - 21 օգոստոս, Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ։
Չորեքշաբթի օրը յետ միջօրէին (ժամը 17ին) տեղի կ՛ունենայ Մամլոյ Ասուլիս մը ներկայացնեկու նախապատրաստական աշխատանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.