2011-01-15 12:15:29

Անկլիգա-կաթողիկէ Առաջնորդութեան Ստեղծում։


15 յունուարին Հաւատոյ ժողովը հրապարակեց վճռագիր մը որով կը հաստատէ Անկլիգա-կաթողիկէ առաջին առաջնորդութիւնը Մեծն Պրիտանիոյ համար։
Նորահաստատ առաջնորդութիւնը իր շուրջը կը համախմբէ բոլոր այն անկլիգան հաւատացեալները որոնք կ'ուզեն յարիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
Արդարեւ 15 յունուարին Լոնտոնի Ուսեթմինդեր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ'ունենայ 3 քահանաներու ձեռնադրութիւնը։ Նորահաստատ առաջնորդութիւնը ունի իւրայատուկ եկեղեցական կանոնագրութիւն մը. եւ թեմի նման կ'ունենայ լիազօր վիճակաւոր մը։
Հետագային կը նախատեսուի այլ Նորահաստատ առաջնորդութիւններու ստեղծում աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, ինչպէս. Միացեալ Նահանգերու, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.