2011-01-15 12:04:11

7 Ամերիկահայեր Ընտրուած Դեմոկրատ Կուսակցութեան Պատուիրակներ:


Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 7 ամերիկահայեր, ընտրուեցան Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան պատուիրակներ, Քալիֆորնիոյ տարածքին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին:
Կուսակցութեան Ամերիկահայ պատուիրակներ ընտրուած են Քալիֆորնիոյ 43րդ, 53րդ ու 58րդ ընտրատարածքներուն մէջ:
43րդ ընտրատարածքին մէջ, ուր իրենց թեկնածութիւնը դրած էին 47 անձեր, պատուիրակ ընտրուած են՝ Մայքըլ Քիաման, Ժիւլիէթ Մինասեան, Նայիրի Նահապետեան ու Ատրին Նազարեան:
53րդ ընտրատարածքին մէջ, ուր ընտրապայքարը դարձեալ 47 թեկնածուներու միջեւ էր, պատուիրակ ընտրուած է Վարօ Ասորեան:
58րդ ընտրատարածքին մէջ, ուր իրենց թեկնածութիւնը դրած էին 26 թեկնածուներ, պատուիրակ ընտրուած են Ալեքսանտրա Անանեան ու Մուրատ Մինասեան: Ալեքսանտրա Անանեան նաեւ ընտրուած է կուսակցութեան Քալիֆորնիոյ կեդրոնական կոմիտէի ազդեցիկ վարչութեան անդամ:
Այս առթիւ, Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Հայկ Յովսէփեան շնորհաւորած է ամերիկահայ բոլոր թեկնածուները եւ քաջալերական նկատած այն իրողութիւնը, որ այսքան մեծ թիւով ամերիկահայ յաջողեցաւ պատուիրակ ընտրուիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.