2011-01-14 12:58:41

Քահանայապետական Անունում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Առաջին Անգամուան Համար Կը Նշանակէ իր Ներկայացուցիչը (Վիէթնամի Մօտ)՝ Առանց Կեցութեան ։
Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց Գերապայծառ Ճիրելլին որպէս առաքելական դեսպան Վիէթնամի մօտ, առանց սակայն այդ երկրին մէջ կեցութիւն ունենալու։ Ասիկա առաջին անգամն է որ քահանայապետական ներկայացուցիչ մը այս եղանակով կը նշանակուի։ Այս անուանումով Նորին Սրբութիւնը կ'ուզէ ամրապմդել կապերը Ս. Աթոռի եւ տեղեական եկեղեցւոյ հետ
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը գիտութեանց քահանայապետական խորհուրդի նախագահ անուանեց զուիցերացի փրոֆեսոր Ուերնէր Արբէրը՝ մասնագէտ մանրակենսաբանութեան։ Ան կը պատկանի զուիցերիոյ բողոքական համայնքին։ Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Բրուննէր իր խնդակցութիւնը յայտնեց համամիութենական նկարագիր ունեցող այս նշանակումին համար։
Փրոֆեսոր Ուերնէր Արբէր 1978ին բժշկութեան նոպելեան մրցանակի արժանացած էր։ Նշենք թէ Գիտութեանց Քահանայապետական խորհուրդը հիմնուած է 1603-ին Կեղմէս Թ. ի կողմէ։ Այս հաստատութեան մաս կը կազմեն 80 ակադեմիկոսներ, ընտրուած՝ աշխարհի լաւագոյն գիտնականներէն, որոնց կարգին կան 20 նոպելեան մրցանակակիրներ։ Անոնց ընտրութիւնը կը կատարուի շնորհիւ իրենց արժանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.