2011-01-14 13:21:56

Սփիւռքի Նախարարութիւնը Լրջօրէն Կը Նախապատրաստուի Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց 20-ամեակներու Նշումին .


՜՜2011 թուականը յայտարարուած է սփիւռքի միջազգայնացման տարի՝՝։
Արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ կը գործէ սփիւռքի նախարարութիւնը։ Անցնող տարիներուն ընթացքին իրականացած եւ իրականացուելիք նախաձեռնութիւնները մէկ նպատակ ունին. ՜՜ հայրենիքի տանիքին տակ համախմբել աշխարհով մէկ սփռուած հայերը՝՝։ Հայկական սփիւռքին մէջ կապրին շուրջ 7 միլիոն հայեր։ Անոնց որոշ մէկ մասը Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք հաստատուեցաւ հայրենիքի մէջ։ 2006-2009 թուականներուն Հայաստանի մէջ կացութեան յատուկ եւ մնայուն կարգավիճակ ստացած են շուրջ 3000 սփիւռքահայեր, 2005-2009 թուականներուն տուներ գնած են շուրջ 15000 սփիւռքահայեր եւ վերջին 2 տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստացած են շուրջ 6000 սփիւռքահայեր։
Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ 2011 թուականը հետաքրքրական տարի մը պիտի ըլլայ ոչ միայն սփիւռքին, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ պիտի նշուին մեր երկու անկախ հանրապետութիւններուն՝ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ 20-ամեակները։ Սփիւռքի նախարարութիւնը լրջօրէն կը պատրաստուի այս յոբելեաններուն։ 2011-ին պիտի նշուի նաեւ Անիի հիմնադրութեան 1050-ամեակն ու վերջապէս ամէնէն կարեւորը՝ 2011-ը յայտարարուած է Երիտասարդական տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.