2011-01-14 13:07:04

Ջարդերու 21-րդ Տարելիցը։ Ազրպէյճանահայ Սոնիա Գասպարով Կը Յիշէ Պաքուի Ջարդերուն Սարսափը ։


Երէկ, Պաքուի հայերու ջարդերուն 21-րդ տարելիցին օրը, Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Սոնիա Գասպարով պատմեց այն սարսափելի իրադարձութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցան Պաքուի մէջ, եւ որոնց ինք, անձամբ, ականատես եղած է։
Իսկ ՝՝Յոյսի կամար՝՝ կազմակերպութեան նախագահ Արսէն Աւանէսով ներկայացուց տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Պաքուի ջարդերուն մէկ շաբթուան ընթացքին 1990-ի՝ 13-19 յունուար երկարող ժամանակահատուածին, միայն Պաքուի մէջ սպաննուած են 270 հայեր ։ Աւանէսովի համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ հայերը ձգած են 123,000 բնակարաններ ։ Անդրադառնալով այժմ Հայաստանի մէջ ապրող ազրպէյճանահայերու խնդիրներուն՝ Աւանէսով նշեց, թէ գաղթականները այսօր կը դիմագրաւեն ազատ տեղաշարժի սահմանափակումներու խնդիրը։ Անոնցմէ շատերը կուզեն իրենց ազգանունին վերջաւորութեան ՝՝եան ՝՝ դնել, սակայն ծննդեան վկայականներ չունենալու պատճառով, պէտք է դատական հոլովոյթներէ անցնին, ինչ որ կապուած է մեծ գումարներու հետ։ ՝՝Կան գաղթականների խնդիրներ, որոնք լուծելու համար պետութիւնից մեծ ջանքեր պէտք չեն, սակայն դրանք չեն լուծւում՝՝ կը յայտարարէ Արսէն Աւանէսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.