2011-01-14 13:18:08

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Վերապատուելի Ներէս Պալապանեանի Փոքրիկ սրտեր մանկապատանեկան հոգեւոր երգերու խտասալիկը։
Անցնող տարուան ընթացքին հրապարակուած խտասալիկներու շարքին մէջ իր գողտրիկ տեղը ունեցաւ վեր Ներէս Պալապանեանի պատրաստած Փոքրիկ սրտեր մանկապատանեկան հոգեւոր երգերու խտասալիկը։ Փոքրիկ սրտեր խտասալիկը իւրայատուկ շարունակութիւնն է Հայ աւետարանական քրիստոնէական Ջանից միութեան Նոր երգ երաժշտախումբին հրապարակուած արդի հոգեւոր երգերու շարքին (8 խտասալիկներ) եւ իր տեսակին մէջ ըստ էութեան ցարդ միակն է։
Վեր Ներէս Պալապանեան այս խտասալիկը Քալիֆորնիոյ իր տան մէջ պատրաստած է յաջորդական չորս տարիներու ընթացքին։ Նուագին եւ դաշնաւորման մէջ իր ներդրումը ունեցած է նաեւ վեր Հրակ Գարակէօզեան։
Գեղեցիկ ու պայծառ ձայներով չորս մանուկներ եւ երկու պարմանուհիներ մերթ իբրեւ մենակատարներ եւ մերթ խմբովին ձայնագրած են 14 երգեր, որոնք Հայ աւետարանական մանկապատանեկան հոգեւոր երգեր են, եւ որոնք ունին տարիներու յարատեւող աւանդութիւն։ Այս բոլորը մէկ երդիկի տակ համախմբելու գաղափարը ինքնին արժէքաւոր է, մանաւանդ , որ կատարուած է երգերուն բծախնդիր ընտրութեամբ, արհեստավարժ հմտութեամբ եւ ակներեւ նուիրումով։
Մանկական զուլալ ու զուարթ երգերը մշակուած ու գործիքաւորուած են վարակիչ գրաւչութեամբ , ուր առկայ են գեղեցիկ խաղերգային հնարքներ ու երանգներ։ Իւրաքանչիւր երգի համար գտնուած է համապատասխան իրայատուկ տարազ մը, ոճական ու ներդաշնակման տարբեր մօտեցում մը, որ կը բխի տուեալ երգի մեղեդիէն եւ բնոյթէն, եւ որով խտասալիկը կը խուսափի միօրինակ թուելէ եւ իրերատարբեր մթնոլորտով կը պարուրէ ունկնդիրը։
Փոքրիկ սրտեր խտասալիկը սրտագրաւ ու շահեկան ներդիր պրակ մըն ալ ունի, որ նոյնպէս պատրաստուած է բծախնդրութեամբ եւ բարձր ճաշակով եւ կը բովանդակէ ձայնագրուած երգերուն բառերը, իւրաքանչիւրը համապատասխան ու սրտագրաւ նկարազարդումով։ Իսկ խտասալիկին արտադրիչներն են Կարպիս Տէիրմէնճեանն ու Նոր երգը։
Փոքրիկ սրտերը թէեւ հասցէագրուած է մանուկ եւ պատանի ունկնդիրներու, սակայն երէցներն ալ նոյն ցնծութեամբ անոր մէջ կրնան գտնել իրենց մանկութեան երգերն ու յուշերը՝ անզգալաբար լեցուելով լաւատեսութեամբ, բարութեամբ ու սիրով ու վարակուելով մանկական արդի հոգեւոր երգի բերկրանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.