Եւրոպայի Միութիւնը աւելի յանձնառումով կ'ուզէ գործել կրօնական ազատութեան դրական յարգանքին։
Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ արտգործ նախարարները այդ ուղղութեամբ պաշտօնական դիմում կատարած
են Եւրոպական Միութեան վերին իշխանութիւններուն։ Անոնք կը պահանջեն երրորդ աշխարհի հետ
համագործակցութիւնը, ներառեալ պաշտպանութիւնը կրօնական ազատութեան ու նաեւ միջկրօնական
երկխօսութիւնը։ Երկու նախարարներու գնահատումով՝ փոքրամասնութիւններու իրաւունքը եւ կրօնական
ազատութիւնը անբաժան մէկ մասն են մարդու իրաւունքերուն։ Նման ձեռնարկ մը պիտի սատարէ
խաղաղութեան ու երկխօսութեան հաստատումին ժողովուրդներու միջեւ։