2011-01-13 13:44:12

Վատիկանեան Sեղեկութիւններ


Անկլիգա-կաթողիկէ Առաջին Վիճակարգութեան Ստեղծում։
Աւելի քան 600 անկլիգաններ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարած են։
15 յունուարին Հաւատոյ ժողովը պիտի հրապարակէ վճռագիր մը որով կը հաստատէ Անկլիգա-կաթողիկէ առաջին վիճակարգութիւնը Մեծն Պրիտանիոյ համար։
Այս նոր վիճակարգութիւնը իր շուրջը պիտի համախմբէ բոլոր այն անկլիգան հաւատացեալները որոնք կ'ուզեն յարիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
Արդարեւ 15 յունուարին Լոնտոնի Ուսեթմինդեր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ 3 քահանաներու ձեռնադրութիւնը։ Նոր քահանաները նախապէս եպիսկոպոս էին անկլիգան եկեղեցւոյ մէջ։
Նոր Վիճակագրութիւնը կ'ունենայ իւրայատուկ եկեղեցական կանոնագրութիւն մը. թեմի նման կ'ունենայ լիազօր վիճակաւոր մը։ Նշենք թէ 2009ի նոյեմբեր ամսոյն մէջ, լոյս տեսաւ առաքելական սահմանադրութիւնը կոչուած ''անգլիգան համայնք''ը, որով կարելիութիւն կու տայ Մեծն Պրիտանիոյ բոլոր այն անկլիգաններուն, որոնք բաղձանք յայտնած են յարելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Այս ուղղութեամբ անկլիգան 5 եպիսկոպոսներ եւ 50 քահանաներ դիմում կատարած են մաս կազմելու ''անկլիգան համայնք''ին։
Հետագային այլ վիճակարգութիւններ պիտի հաստատուին աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, ինչպէս. Միացեալ Նահանգերու, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.