2011-01-13 12:38:00

Նախագահ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Պիտի Մեկնի Յունաստան


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, 15 Յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Յունաստան։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Հայաստանի նախագահին պիտի ուղեկցի 30 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որուն կազմին մէջ ընդրկուած են՝ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գործարարներ։ Այցելութեան ծիրին մէջ կը սպասուին Սերժ Սարգսեանի հանդիպումները՝ Յունաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ։ Այնուհետեւ, 17 յունուարին, նախագահ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Կիպրոս։ Այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիոս Խրիսթոֆիասի եւ խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի հետ։ Նաեւ կը նախատեսուի Հայաստանի նախագահին ելոյթը՝ Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.