2011-01-13 12:45:32

Համաշխարհային Դրամատունը Հայաստանին Պիտի Տրամադրէ 25 Միլիոն Տոլարի Վարկ։


Նախանցեալ օր Համաշխարհային Դրամատան տնօրէններու խորհուրդը հաստատեց Հայաստանին աջակցելու ելեւմտական ծրարը, որով Հայաստանին պիտի տրամադրուի 25 միլիոն տոլարի վարկ մը։ Գումարը պիտի տրամադրուի ընկերային գետնի վրայ անապահովներուն ուղղուած պետական պիւտճէի ծախսերուն, ընկերային ապահովութեան ցանցի հզօրացման ծրագիրներուն, աղքատ համայնքներուն մէջ նախադպրոցական ծրագիրներու մատչելիութեան բարձրացման։
Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հապի երէկ նաեւ կանխատեսումներ կատարեց։ Ըստ անոր, 2011 թուականին Հայաստանի մէջ գնաճը պիտի կազմէ 4-5 առ հարիւր եւ գրեթէ նոյնքան ալ պիտի աւելնայ Հայաստանի տնտեսական աճը ։ Վարկը կը կոչուի ՝՝Զարգացման քաղաքականութեան 2-րդ գործառնութիւն՝՝։ Առաջին գործառնութիւնը տրամադրուած էր 2009-ին՝ 60 միլիոն տոլարի չափով։ Կը նախատեսուի 2011-ին տրամադրել նաեւ երրորդը, որուն ընդհանուր գումարը պիտի հաստատուի Հայաստանի կառավարութեան հետ կատարուելիք քննարկումներէն ետք։
Վարկը պիտի օգտաործուի 2 հիմնական ուղղութիւններով։ Առաջին՝ աջակցութիւն ընկերային ծրագիրներուն, երկրորդ՝ աջակցութիւն տնտեսութեան մրցունակութեան բարձրացման։ Մասնաւորաբար՝ գումարներ պիտի յատկացուին աղքատ համայնքներու նախադպրոցական հիմնարկներու մատչելիութիւնը եւ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու բուժման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար։
՝՝Ընկերային դրամագլուխի պաշտպանութիւնը եւս խիստ կարեւոր կը նկատենք ճգնաժամէն ետք, անապահովներու պաշտպանութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Պիտի օժանդակենք նաեւ նախադպրոցական կրթութեան մատչելիութեան՝ որոշ աղքատ համայնքներուն մէջ՝՝ ընդգծեց Ժան Միշել Հապի։








All the contents on this site are copyrighted ©.