2011-01-13 13:56:59

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը Յունուար 18 էն 25։


Երուսաղէմի եկեղեցին պատրաստած է 2011-ի աղօթքներն ու խորհրդածութիւնները։
Արդարեւ Երուսաղէմի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, միատեղ հաւաքուած Դամասկոսի ՜՜Սէտնայա՝՝ մարեմեան սրբավայրին մէջ, ստանձնած են պատասխանատուութիւնը Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթուան գրային ընթերցումներն ու խորհրդածութիւնները պատրաստելու ։ 2011 տարուայ նիւթը ներշնչուած է ''Միացած Առաքեալներու ուսուցումի մէջ, եղբայրական հաղորդութեամբ, հացի բեկանումով ու աղօթքով'' Գործ Առաքելոց գիրքի նախադասութենէն ։
Երուսաղէմի քրիստոնեաները կը հրաւիրեն աշխարհի մէջ տարածուած իրենց եղբայրներն ու քոյրերը ''միանալու իրենց աղօթքին արդարութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճումի իրենց պայքարին մէջ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն ի խնդիր՝՝։
Այս խորհրդածութիւնը կոչ մըն է ներշնչումի, բարենորոգումի ու դարձ՝ հաւատքի ամենէն հիմնական կէտերուն, անիկա հրաւէր մըն է եկած այն ժամանակէն երբ Քրիստոսի Եկեղեցին տակաւին մէկ էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.