2011-01-13 10:17:24

Գարեգին Բ. Նժդեհի Ծննդեան 125-ամեակի Նուիրուած Ձեռնարկներ։


Հայաստանի կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ զօր. Գարեգին Նժդեհի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները նախապատրաստող յոբելենական յանձնախումբի առաջին նիստը, զոր վարեց Հայաստանի վարչապետ եւ յանձնախումբի նախագահը՝ Տիգրան Սարգսեան։
Նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ Գարեգին Նժդեհի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած յոբելենական նախաձեռնութիւններու ծրագիրի նախագիծը, փոխանակուեցան միտքեր եւ կատարուեցան առաջարկներ։ Յայտարարելով քննարկման արդիւնքները՝ վարչապետը նշեց, որ Գարեգին Նժդեհի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներու ծրագիրին վերջնական տարբերակը լրամշակուելէն ետք՝ պիտի ներկայացուի յանձնախումբի անդամներուն։









All the contents on this site are copyrighted ©.