2011-01-12 12:48:53

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի Հոգեհանգստեան Պատարագը Հայիթթի Մահասփիւռ Երկրաշարժի Ա. Տարելիցին Առթիւ։


նախաձեռնութեամբ Հայթիի դեսպանութեան, Հռոմի Ս. Աստուածածնայ աւագ տաճարին մէջ Վատիկանի պետական քարտուղարը կարինալ Պերթոնէ կը համապատարագէ երեկոյեան ժամը 4,30-ին, ներկայութեամբ՝ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին։
Այս առթիւ ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահութիւնը կը հրաւիրէ հաւատացեալները ոգեկոչելու Հայիթիի զոհերը աղօթքով ու դրամական օգնութեամբ։
Իր կարգին, Իւնիսէֆը` ՄԱԿի մանկական ֆոնտը, իր հրապարակած տեղեկագիրին մէջ կը յիշեցնէ թէ Հայթիի փոքրերը զուրկ են ջուրէն ու առողջապահական խնամքներէ եւ աւելի քան 380 հազար մանուկներ տակաւին վրաններու տակ կ'ապրին եւ անոնցմէ շատերը ապասնունդէ կը տարապին հակառակ միջազգային հասարակութեան յանձնառումին։
ՄԱԿի մանկական ֆոնտը կը խնդրէ որ վճռակամ ու շտապ օգնութիւն հայթայթուի արժանավայել կերպով գոհացնելու երախաներու պահանջները։








All the contents on this site are copyrighted ©.