2011-01-12 12:48:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։ ՜՜ Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի 12 յունուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, խմբուած Պօղոս Զ սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ նիւթին մասին, ներկայացուց Ճենովայի սրբուհի կատարինէն։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Ճենովայի սրբուհի կատարինէն, ծնած 1447ին, դարձի եւ ապաշխարութեան զարմանահրաշ փորձառութիւն ունեցաւ։ Ան 16 տարեկանին պսակուած էր բախտախաղի մոլի մարդու մը հետ ու դժգոհ էր իր աշխարհիկ կեանքէն, պարապութիւն եւ դառնութիւն կը զգար իր սրտին մէջ։ Օր մը եկեղեցի երթալով խոստովանաքի համար, խոց մը զգաց սրտին մէջ`''Աստուծոյ անհուն սիրոյ մէկ խոցը'', որ իրեն ցոյց տուաւ միաժամանակ իր թշուառական կեանքը եւ Աստուծոյ բարութիւնը։ Անմիջապէս որոշեց հեռանալ մեղքէն ու աշխարհէն։ 25 տարիներուն ընթացքին, ապրեցաւ Տիրոջ սիրոյ մէջ ու սնանեցաւ մշտատեւ աղօթքով ու ամէնօրեայ սուրբ հաղորդութեամբ։ Ինքզինքը նուիրեց Բամբադոմէ բուժարանի հիւանդներու ծառայութեան։ Ինքզինք տալով Աստուծոյ ու մերձաւորին, Կատարինէ յատուկ գիտակցութիւն մը ունեցաւ քաւարանի մասին, որ զայն կը նկարագրէ որպէս ''ոչ արտաքին այլ ներքին կրակ մը'' ուղղուած Աստուծոյ կատարեալ հաղորդութեան։ Աստուծոյ սիրոյ առջեւ, հոգին կը փորձարկէ խոր վիշտ մը իր կատարած մեղքերուն համար ու միաժամանակ կապուած է իղձերով ու մեղքի զղջումով, որ զինք անկարող կը դարձնեն վայելելու Աստուծոյ քաղցր տեսութիւնը։ Արդարեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, քաւարանի հոգիին կը պակսի հարկաւոր սրբութիւնը մտնելու երկինքի ուրախութեան մէջ։
Սիրեցեալ բարեկամներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, սուրբերը` Աստուծոյ հետ միութեան իրենց փորձառութեան, մեծապէս կը գիտակցին ու կը ներթափանցեն աստուածային խորհուրդները, որոնք աստուածաբաններուն ու նաեւ բոլորիս համար մեծ սատար են հաւատքի ըմբռնումի փնտռտուքին մէջ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան բառբարերով ողջունեց ներկաները խնդրելով անոնցմէ աշխատիլ Ճենովայի սրբուհի Կատարինէին հետ ըմբռնելու Աստուծոյ սէրը որը նման է ոսկիէ թելի մը որ կը միացնէ մեր սիրտը Աստուծոյ հետ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք աւետարանական կեանքի ապրումով ճանչցնեն Քրիստոսը իրենց շրջապատին։








All the contents on this site are copyrighted ©.