2011-01-12 12:49:37

Երեւանի Նոր Քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան -ի փոփոխութիւնները Կը Շարունակուին։


Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան երէկ Արաբկիր վարչական շրջանի աշխատակազմին ներկայացուց վարչական շրջանի նոր նշանակուած ղեկավար Էդուարդ Մուշեղեանը։ Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբկիր վարչական շրջանի նախկին ղեկավար Համլեթ Մարգարեանի աշխատանքին համար,միաժամանակ նշելով, որ վարչական շրջանին նոր ղեկավարէն եւ աշխատակազմէն կ՝ակնկալէ համակարգուած, արդիւնաւէտ, կարգապահ եւ սրտցաւ աշխատանք։ Կարէն Կարապետեան վարչական շրջանին համար իբրեւ կարեւոր ընելիք մատնանշեց գոյքարումը, որ կը ներառէ բնակչութեան ընկերային խնդիրներու, բազմաբնակարան շէնքերու, համատիրութիւններու, կրթամշակութային կեդրոններու, այգիներու, պուրակներու, փողոցներու եւ բակային տարածքներու ներկայ վիճակի գնահատում։
՝՝Եթէ մենք յաջողինք վարչական շրջանի անձնագիրը եւ ախտորոշումը ճշգրիտ կազմել, պիտի յաջողինք նաեւ արդիւնաւէտ ձեւով կառավարել։ Վարչական շրջանի գործառոյթը բնակչութեան եւ այդ տարածքին մէջ գտնուող իրաւաբանական անձերուն համար աւելի յարմարաւէտ պայմաններու ստեղծումն է՝՝ յայտնեց Կարէն Կարապետեան։ Միւս կողմէ, հաստատելով Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնանկութեան մասին լուրը՝ Երեւանի քաղաքապետի մամլոյ բանբեր Շուշան Սարտարեան ՝՝Երկիր՝՝ի թղթակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշեց, որ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Դանիէլեան աշխատանքէ ազատ կացուցուած է իր դիմումին համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.