2011-01-12 12:51:32

ԱՄՆը եւ Ս. Աթոռը 80ական Տարիներուն Միասնաբար Գործակցած Են Վար Անելու Պերլինի Պտը, Ասօր Ալ Կը Համագործակցին Վար առնելու Նոր Պատեր, Յյայտարարած Է Ս. Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած ԱՄՆի Դեսպանը Տիար Միկէլ Տիազ։


Ամերիկացի դեսպանին գնահատումով Մարդկային ազգը իրարմէ բաժնող նոր պատերն են. կրօնական անհանդրժողութիւնը, ահաբեկչութիւնը, արդի ստրկութիւնը, մարդու իրաւունքներու դրժումը եւ այլ չարիքներ։ Ամերիկացի դեսպանին այս յայտարարութիւնը կու գայ ԱՄՆի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատումին 27րդ տարեդարձին առթիւ։ Նշենք թէ 10 յունուար 1984 -ին ԱՄՆի նախագահը Ռոնալտ Ռեկան նշանակած էր Ուլիամ Ուիլսոնը որպէս առաջին դեսպանը Վատիկանի մօտ։
Այս տարեդարձին առթիւ տիար Տիազ յոյս յայտնած է որ ԱՄՆը պիտի շարունակէ նոյն յանձնառումով համագործակցիլ Ս. Աթոռին հետ յառաջ տանելու Մարդու արժանաւորութիւնն ու մարդու տիեզերական իրաւունքներները։ Ամերկացի դիւանագէտը իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց աշխարհի բոլոր այն հարստահարուածներուն, որոնք զոհ են կրօնական մոլեռանդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.