2011-01-11 11:35:47

Վատիկանի Բարեսիրական Մարմնի Նախագահը Հայիթի Կ'այցելէ Մահաբեր Երկրաշարժէն Մէկ Տարի Ետք։


Կարտինալ Սարահ նախագահը ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած Վատիկանի բարեսիրական մարմնին, 10 յունուարին Հայիթի ժամանեց, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին անունով հանդիպում ունենալու երկրաշարժի աղէտեալներուն հետ։ Կարտինալ Սարահ ֆինանսական՝ ՜նիւթական օժանդակութիւն՝՝ բերած է Հայիթի, յատկացնելով 800 հազար տոլար դպրոցներու շինութեան, իսկ 400 հազար տոլար եկեղեցիներու վերակառուցումին համար։
Երկուշաբթի օրը, Ծիրանաւորը հանդիպում ունեցաւ երկրի հանրապետութեան նախագահին հետ եւ ապա այցելեց ապաստանեալներու կեդրոնը ուր պատարագ մատուցեց անոնց։
Կարտինալը նաեւ 12 Յունուարին հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցէ զոհերու առաջին տարելիցին առթիւ, եւ պատարագին ընթացքին ան կը կարդայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը ուղղուած՝ Հայիթիի բնակչութեան։ Ապա ան հանդիպում կ'ունենայ տեղւոյն եպիսկոպոսներուն ու կղերին հետ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Նախքան Հռոմ դառնալը, կարտինալը ս. Զոհը կը մատուցէ մայրաքաղաքին մէջ կրօնաւորուհիներուն դիտաւորութեան համար, որոնք 15 քոյրեր կորսնցուցին այս երկրաշարժին պատճառաւ։
Իր այս այցելութեամբ՝ կարտինալ Սարահ ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք մասնակցեցան ու իրենց սատարը բերին շտապ օգնութեան. եւ միաժամանակ վերահաստատել Եկեղեցւոյ կամքը ու յանձնառումը երկրին վերաշինութեան համար։ Նշենք թէ Վատիկանի բարեսիրական մարմնի գնահատումով երկրաշարժի հետեւանքով աւելի քան 250 հազար հոգի մահացած են եւ մէկ միլիոն անօճախ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.