2011-01-11 11:36:09

Սուրբ Պատարագ Հայիթիի Երկրաշարժի Տարելիցի Առթիւ։


Յառաջիկայ 12 յունուարին ժամը 16.30-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Պերթոնէ` Հայիթիի երկրաշարժի տարելիցին առթիւ` Սանդա Մարիա Մաճճորէ Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մօտ Հայիթիի դեսպանութեան կողմէ։ Սուրբ Պատարագի հրաւիրուեցան, իրենց մասնակցութիւնը բերելու՝ սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներ եւ Հռոմի դիւանագիտական այլ ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.