2011-01-11 11:35:32

Նորին Սրբութեան հանդիպումը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական Մարմնին հետ, Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւններու ներկայացում։


Նորին Սրբութեան հանդիպումը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական Մարմնին հետ, Ծննդե Ամանորի բարեմաղթութիւններու ներկայացում։

Երկուշաբթի 10 յունուար 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը։
Յանուն դիւանագիտական մարմնին` Վալլատարէս Լանցա, դիւանագէտներու երիցագոյնը, իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին։
Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ նախ շնորհակալութեան խօսքով մը պատասխանեց դեսպանին բարեմաղթութիւններուն, ապա նշեց Դանիայի դեսպան Պարոնուհի Վան Լինտեն-Լէյթէնի յիշատակը, որ միքանի շաբաթ առաջ իր մահկանացուն կնքած էր ։
Ս. Ծնունդի տօնին նշանակութեան մասին խօսելէ ետք, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր համայնապատկերով մը ներկաներուն պարզեց իր եւ Ս. Աթոռի կատարած 2010 տարւոյն ընթացքին գործունէութիւնը։

Տիկնայք եւ տիարք դեսպաններ,

Ձեր ներկայութիւնը այս հանդիսաւոր արարողութեան, հրաւէր մըն է, ուղղելու նայուածք մը երկրագունդի բոլոր երկիրներու իրողութեան մասնաւորապէս այդ երկիրներուն որ դուք կը ներկայացնէք։ Այս համայնապատկերին մէջ ականատես ենք այն բազմաթիւ կացութիւններու, ուր կրօնական ազատութեան իրաւունքը վիրաւորուած կամ մերժուած է։ Մարդու այս իրաւունքը առաջնակարգ տեղ ունի բոլոր իրաւունքներուն վրայ։Նախ՝ որովհետեւ պատմականօրէն առաջինն է որ ճանչցուած է եւ երկրորդ` անբաժան մէկ մասն է մարդու, այսինքն Արարիչին հետ անոր սերտ կապին ։ Միթէ՞ այս ազատութիւնը յաճախ ոտնակոխ չէ եղած ու մերժուած, յարեց Սրբազան Քահանայապետը։ Ինծի կը թուի թէ ընկերութիւնը, անոր պատասխանատուները եւ հանրային կարծիքը ներկայիս աւելի գիտակից են այս հարցին եւ որուն յաճախ անդրադարձած եմ եւ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրած, ինչպէս 2010ի առաքելական ճամբորդութիւններուս ընթացքին. Մալթա, Փորթուկալ, Կիպրոս, Անգլիա եւ Սպանիա։

Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի մասին, որ տեղի ունեցաւ Վատիկան 2010-ի հոկտեմբերին։ Ան պաշտպանը հանդիսացաւ միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք յաճախ թիրախ են հալածանքի ու զոհ՝ կրօնական ազատութեան, եւ այս պատճառաւ շատերը կը հեռանան հայրենական հողէն, վայրը՝ ուր ծնունդ առաւ ու զարգացաւ Եկեղեցին։ Անգամ մը եւս սրտայոյզ ու մտահոգիչ կոչս կ'ուղղեմ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Արեւելքի իշխանութիւններուն ու մահմետական կրօնապետերուն որ աշխատին լաւագոյն կերպով պաշտպանելու իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիները։
Սրբազան Հայրը յիշեց Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած բռնութիւնները Պաղտատի եւ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիներու դէմ։ Ապա մատնանշեց թէ կրօնական ազատութիւնը լիովին չի կիրարկուիր հոն ուր երաշխաւորուած է պաշտամունքի իրաւունքը։
Դիւանագէտներու առջեւ, Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու ողջմտութիւնը եւ պայծառ տեսութիւնը ամենէն տկարներու իրաւունքին ի խնդիր` պահանջելով Եւրոպայի Միութենէն դրական պատասխան մը, որպէսզի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պաշտպանուած ըլլան։

Արդարեւ Պաղտատի եւ Աղեքսանդրիոյ մահափորձերէն ետք ֆրանսայի, Իտալիոյ, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի արտգործ նախարարները Եւրոպայի միութեան աւագ տեսուչ` տիկին Գադրին Աշտոնէն խնդրեցին եւրոպական կեցուածք մը։ Անոնք մասնաւորապէս պահանջեցին որ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցը ուսումնասիրութեան առարկայ ըլլայ յառաջիկայ արտգործ նախարարներու ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 31 յունուարին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նաեւ խնդրեց որ Արաբական Թերակղզիի պետութիւնները, ուր կ'ապրին բազմաթիւ քրիստոնեայ բանուորներ, Կաթողիկէ Եկեղեցին կարենայ ունենալ հովուական պատշաճ կառոյցներ։
Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս խրախուսեց Փաքիստանի կառավարութիւնը ետ քաշելու հայհոյանքի օրէնքը, որ բացայայտօրէն կը ծառայէ լոկ անարդարութիւններ գործադրելու կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ։ Բունժաբի կառավարիչին սպաննութիւնը ցոյց կու տայ` յարեց ան, թէ՝ որքա՞ն կարեւոր է այդ ուղղութեամբ գործել։
Նոյն անարդարութիւններուն ականատես ենք Ասիոյ Հարաւը եւ Հարաւ-Արեւելքի երկիրներու մէջ, որ աւանդութեամբ ընկերային խաղաղ կապեր ունին։ Կրօնքի մը ազդեցութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ փոքրամասնութիւններու խտրականութեան ընկերային կեանքին մէջ։ Այդ ուղղութեամբ հարկաւոր է քաջալերել երկխօսութիւնը կրօներու միջեւ որպէսզի միշտ յարգուի կրօնական ազատութիւնը։ Անպակաս է նոյնպէս Ափրիկէի մէջ քրիստոնեաներու դէմ բռնութիւնը։ Վերջերս ականատես եղանք ահաբեկչական արարքներու՝ Նիճերիոյ աղօթատեղիներու մէջ, մինչ քրիստոնեաները կը տօնախմբէին ս. Ծնունդը։
Այս պահուն, ընդգծեց Սրբազան հայրը, միտքս կ'երթայ Չինաստանի կաթողիկէ հասարակութեան ու անոնց հովիւներուն, որոնք դժուար ժամանակ կ'ապրին։ Քաջալերական խօսքս կ'ուղղեմ Գուպայի կառավարութեան, որ 2010ին տօնախմբեց Վատիկանի հետ դիւանագիտական կապին 75-ամեակը. որպէսզի երկխօսութիւնը եկեղեցւոյ հետ աւելի ամրապնդուի եւ ընդլայնուի։
Մեր հայեացքը տեղափոխելով Արեւելքէն Արեւմուտք կը գտնուինք կրօնական ազատութեան սպառնալիքի այլ երեւոյթներուն առջեւ։ Կը մտաբերեմ այն երկիրները որ մեծ կարեւորութիւն կու տան բազմազանութեան ու հանդրժողութեան, ուր սակայն միաժամանակ կրօնքը չորրորդ կարգի կ'անցնի։ Կրօնքը` արդի ընկերութեան մէջ` կը նկատուի որպէս ոչ կարեւոր եւ օտարական եւ նոյնիսկ որպէս խանգարիչ տարր մը, որ առջեւ արգելքներ կը դրուին իր ազդեցիկ դերը նուազցնելու համար ընկերային կեանքին մէջ։

Չէզոքացումի այլ երեւոյթ մըն է նաեւ՝ արգիլել հանրային կեանքին մէջ մասնաւորապէս՝ քրիստոնէական տօներն ու խորհրդանիշերը, յանուն այլ կրօններու ու աստուածամերժ անձերու յարգանքին։ Այդպէս գործելով ոչ միայն կը սահմանուի կրօնական ազատութիւնը այլ եւ արմատախիլ կ՛ըլլայ ժողովուրդի մը ինքնութիւնն ու մշակոյթը։

Անցեալ տարի կարգ մը երկիրներ միացան Իտալիոյ կառավարութեան, պաշտպանելու խաչելութեան ցուցադրութիւնը հանրային վայրերու մէջ։ Ատոր համար երախտապարտ եմ բոլոր այդ երկիրներուն եւ բոլոր անոնց որոնք յանձնառումով կ'աշխատին պահպանելու այն խորհրդանիշերը որոնք տիեզերական արժէք ունին։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ըսաւ թէ կրօնական ազատութեան առընթեր սպառնալիքի ենթակայ է նաեւ՝ ընտանեկան հաստատութիւնը եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ, որոնք կը դասաւանդեն մարդաբանութիւն մը որ հակառակ է հաւատքի եւ ուղիղ տրամաբանութեան։


Տիկնայք եւ Տիարք դեսպաններ, թոյլ տուէք ինծի որ ըսեմ ՜՜Եկեղեցին ամէնուն բաց է՝՝ որովհետեւ ան կ'աշխատի բոլոր ազգերու եւ ժողովուրդներու համար։ Ան կը մասնակցի մարդկութեան մտահոգութիւններուն տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ կը պայքարի կրօնական ազատութեան, ընտանիքի հաստատութեան եւ զաւակներու դասիրակութեան իրաւունքին ի խնդիր։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր ճառը եզրափակեց ըսելով. ՜՜թող Քրիստոսի լոյսը եւ զօրութիւնը օգնէ մեզի յարգելու կրօնական ազատութիւնը եւ այսպէս կարելի պիտի ըլլայ հզօրացնել խաղաղութիւնը այսօր եւ յառաջիկայ սերունդներուն։ Բոլորիդ կը մաղթեմ Շնորհաւոր նոր տարի՝՝ ։









All the contents on this site are copyrighted ©.