2011-01-11 12:43:44

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՆԱԽԿԻՆ ՍՊԱՅ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ։


Իջեւանի ՝՝Էն ՝՝զօրամասի հրամանատար Սերկէյ Կարապետեան երէկ ձերբակալուեցաւ։ Նշենք, որ 31 դեկտեմբեր 2010-ին Գետահովիտ գիւղէն քանի մը երիտասարդներ ՝՝Նիվա՝՝ մակնիշի ինքնաշարժով մը գացած էին բանակին մէջ ծառայող իրենց ընկերը տեսնելու։Անցագրային կէտին մօտ զանոնք տեսած է Սերկէյ Կարապետեան, սկսած է հայհոյել եւ անոնց հրամայած է զօրամասի տարածքը լքել։ Տղոցմէն մէկը պատասխանած է հայհոյանքին։ Անկէ ետք հրամանատարը յանձնարարած է բռնել տղաքը եւ տանիլ զօրամասի վարչական շէնքին աշխատասենեակը, ուր անոնք դաժանօրէն խոշտանգուած են։ Տեղի ունեցած միջադէպին հետեւանքով գանկուղեղային վնաս ստացած է Տարօն Ենիպարեան, որ նախանցեալ օր մահացած է։
Սպայ Կարապետեանի դէմ յառաջիկայ օրերուն պիտի առաջադրուի մեղադրանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.