2011-01-11 12:55:47

2011-ը՝՝Հայ Մանուկներու Տարի՝՝ ։
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գիրը 2011-ը Հայ Մանուկներու Տարի Հռչակելու Մասին` Իբրեւ Մեր Ազգի Պայծառ Ապագային Երաշխիքը:


Ամէն տարեսկիզբ (կը գրէ Արամ Ա կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ)մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք իրենց մտածողութեան առանցքը ու իրենց գործին սեւեռակէտը դարձնելու սրբազան արժէք մը, կենսական խնդիր մը կամ կարեւոր դէպք մը՝ մեր հաւաքական կեանքին ու մտահոգութիւններուն հետ ամիջական աղերս ունեցող:
Անցնող տարիներուն, երբ ընտանիքը, հայ դպրոցը, կրօնական, հայեցի դաստիարակութիւնը ու հայ կինը հաւաքական խորհրդածութեան նիւթ դարձուցինք՝ շեշտելով անոնց ունեցած առանցքային տեղը մեր քրիստոնէական ու ազգային կեանքին մէջ, բնականաբար հպանցիկ կերպով նա՜եւ անդրադարձանք հայ մանուկին՝ անոր նկատմամբ մեր ունեցած մտահոգութեան ու նախանձախնդրութեան: Արդարեւ, անհատի մը կեանքին մէջ մանկութիւնը նկարագիր կերտող ու ապագայ կեանքին ընթացքը ճշդող ճակատագրական հանգրուան մըն է: Արդ, մանուկին ու մանկութեան ունեցած կենսական կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2011 տարին կը հռչակենք ՙՀայ Մանուկներու Տարի՚ ։
Վեհափառը իր երկարաշունչ պատգամին մէջ կը պարզէ մանուկին ներկայութիւնը Աստուածաշունչին մէջ.եւ մանուկին նկատմամբ ներկայ ընկերութեան մօտեցումը:
Առաջին - Մանուկը՝ Աստուածաշունչին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ
Երկրորդ - Մանուկը՝ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ
Երրորդ - Հայ մանուկին կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը
Չորրորդ - Ընդհանուր ուղեգիծ մանուկներու դաստիարակութեան
Հինգերորդ - Տէր կանգնինք հայ մանուկին
Հայ մանուկը ազգին ու եկեղեցւոյ զաւակն է. սրբենք հայ մանուկին արցունքը, ամոքենք իր ցաւը, նուազեցնենք իր տառապանքը, եւ գործնապէս նպաստենք անոր ֆիզիքական թէ բարոյական, հոգեւոր թէ ազգային առողջ կազմաւորման ու դաստիարակութեան: Երբեք չմոռնանք Քրիստոսի պատուէրը՝ "Ով որ մանուկ մը իմ անունովս կ’ընդունի՝ զիս ընդունած կ’ըլլայ" : Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած որ Իր օրհնութեամբ խնամէ ու աճեցնէ մեր ազգին մանուկները:







All the contents on this site are copyrighted ©.