2011-01-10 16:10:49

Վրաստանի մէջ Նշուած Սերգեյ Փարաջանովի ծննդեան 87-ամեակը ։


Թիֆլիսի մէջ նշուած է Սերգեյ Փարաջանովի ծննդեան 87-ամեակը: Վրաստանի մշակոյթի նախարարութան կողմէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններով սկսած են տօնական միջոցառումները Թիֆլիսի մէջ աշխարհահռչակ ռեժիսորի Յուշարձանի մօտ, ուր գացած են Փարաջանովի արուեստի երկրպագուները ։ Անոնք ծաղիկներու փոխարէն մեկական նուռ դրած են Յուշարձանին՝ ի նշան անոր ստեղծագործութեան նկատմամբ սիրոյ արտայայտութեան եւ որպէս Փարաջանովի ամենայայտնի ֆիլմերէն մէկուն «Նռան Գոյնը» կինոնկարի խորհրդանիշ: Այնուհետեւ տօնական միջոցառումները շարունակուած են Փարաջանովի շարժանկարներէ հատուածներու ցուցադրութեամբ , ինչպէս նաեւ նոյնինքն մեծ կինոհանը նկարող եւ անոր ստեղծագործութեան նուիրուած լուսանկարներու ու գործերու ցուցահանդէսով:








All the contents on this site are copyrighted ©.