2011-01-10 13:17:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 10 յունուար 2011 -
Այս առաւօտ ժամը 11ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին, եւ ուղղեց կարեւոր ճառ մը ուր անդրադարձաւ աշխարհը տագնապող հարցերուն, յատկապէս շեշտելով Կրօնական Ազատութեան` Ընտանիքի Պահպանումին եւ Բարոյական Դաստիարկութեան պահանջքին։
Իսկ երէկ կիրակի 9 յունուարի կէսօրին՝ Սրբազան Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին իր տուած պատգամին մէջ, խօսելով՝ Սիքստինեան մատրան մէջ, առաւօտեան 21 երեխաներու իր մատակարարած մկրտութեան արարողութեան մասին, անդրադարձաւ ՜՜Մկրտութեան Խորհուրդի՝՝ կարեւորութեան եւ անոր միջոցաւ Աստուծոյ ընտանիքի անդամակցելու գեղեցկութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու հաւատքը վկայելու առաքելութեան։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Հայիթիի տառապած ժողովուրդին, անցեալ տարուայ երկրաշարժի տարեդարձին առթիւ, յիշեցնելով որ Կարտինալ Սարան այս օրերուն կ՛այցելէ Հայիթիի կղզին, Սրբազան Քահանայապետի մօտիկութիւնը եւ զօրակցութիւնը տանելու։
Ապա Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ խօսք մը ուղղեց խումբ մը իտալացի խորհրդարանականներուն, որոնք հաւաքուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը յայտնելու մասնակցութիւն եւ նեցուկ, ՜՜Կրօնական Ազատութեան՝՝ պաշտպանութեան ի խնդիր։ Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկաները, իր խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.