2011-01-10 13:18:07

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մեծ Պատասխանատու Մը Կը Պահանջէ Պաշտպանութիւնը՝ Կրօնական Փոքրամասնութիւններուն, Եւ Ջնջում՝ Հաւատացեալներու Հարստահարումը Նպաստող Բոլոր Օրէնքներուն։


ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գլխաւոր տեսուչը՝ Նաւանեդէմ Բիլլէյ, պետութիւններէն կը պահանջէ վճռական յանձնառում մը կրօնական փոքրամասնութիւններու բռնութիւններուն դէմ։ ՜՜Բոլոր այն օրէնքները որոնք կը սատարեն զանոնք հարստահարելու պէտք է ջնջուին՝՝ զայս կը պահանջէ Բիլլէյ, յայտարարութեամբ մը Ժընեւի մարդու իրաւունքներու կեդրոնէն։ Եկեղեցիներու, սինակոկներու , մզկիթներու եւ տաճարներու դէմ յարձակումները, պէտք է ազդակ հանդիսանան, որպէսզի ամէնքը գործեն հանդրժողութեան ի խնդիր։
Պետութիւնները ոչ միայն բարոյական պարտականութիւն մը ունին, այլեւ՝ իրաւական, երաշխաւորելու՝ կրօնական փոքրամասնութիւնները, կը հաստատէ մարդու իրաւունքներու տեսուչը։ Հանդրժողութեան քարոզութիւնը պէտք է ըլլայ ամենօրեայ գործը ոչ միայն քաղաքագէտներուն այլ նաեւ՝ դաստիարակներուն։ Պետութիւնները պէտք է հսկեն որպէսզի կրօնական ատելութեան կոչերը պատժուին օրէնքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.