2011-01-10 16:09:20

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Իրանի Դեսպանին Հետ։


Շաբաթ 8 Յունուար 2011-ին, Արամ Ա. ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան՝ Ղատան Ֆարրուքն Ապատին, ընկերակցութեամբ իր քաղաքական հարցերու պատասխանատու երկու խորհրդականներուն: Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին դեսպանը Վեհափառին փոխանցեց կարգ մը տեղեկութիւններ.
1) Լիբանանի գծով միջազգային դատարանին շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ու բոլոր կողմերու մօտ դրական մթնոլորտ մը գոյութիւն ունի, եւ շուտով համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին:
2) Իրանի հիւլէական ոյժի գծով տեղի ունեցող բանակցութիւնները եւ յատկապէս Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Այս առիթով նաեւ անդրադարձ մը եղաւ Իրանի հայութեան գծով:
Արամ Ա. շեշտեց պետական կառոյցներու եւ հայ համայնքին միջեւ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու ու ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:












All the contents on this site are copyrighted ©.